«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԵՄ-ը պաշտօնապէս կը հաստատէ, որ չի ճանչնար բռնազաւթուած Կոլանի բարձունքներու իսրայէլեան ինքնիշխանութիւնը: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ըսուած է եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինիի՝ Մարտ 27-ին կատարուած յայտարարութեան մէջ:
ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նաթանիահուի հետ Մարտ 25-ին Սպիտակ տունը կայացած հանդիպումին Կոլանի բարձունքներու իսրայէլեան ինքնիշխանութիւնը ճանչնալու հռչակագիր ստորագրած է:
Նման միակողմանի գործողութիւններու դէմ արտայայտուած են ոչ միայն Սուրիան եւ արաբական ու իսլամական աշխարհի այլ երկիրներ, այլեւ Ռուսիան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի հանգուցային երկիրները, ներառեալ Գերմանիան եւ Ֆրանսան: «Կոլանի բարձունքներու կարգավիճակին նկատմամբ ԵՄ-ի դիրքորոշումը չէ փոխուած: Միջազգային իրաւունքին եւ ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի 242 եւ 497 բանաձեւերուն համապատասխան, Եւրոպական Միութիւնը չի ճանչնար Իսրայէլի ինքնիշխանութիւնը բռնազաւթուած Կոլանի բարձունքներուն վրայ»,-ըսուած է Մոկերինիի հակիրճ յայտարարութեան մէջ: