Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Մանկական Քաղցկեղի Վերաբերեալ Գիտակցութեան Զարգացման Օր (լուսանկարներ)

28 Մարտ 2019-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ կայացաւ մանուկներու քացղկեղի վերաբերեալ գիտակցութեան զարգացման օր, որուն ընթացքին մեր աշակերտներուն փոխանցուեցան անհրաժեշտ նախնական գիտելիքներ` այս հիւանդութեան կանխանշաններուն եւ ձեռնարկուելիք շտապ քայլերուն մասին:

Նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցաւ գործակցաբար Chance (CHildren AgaiNst CancEr) կազմակերպութեան, որուն նպատակն է օժանդակել քաղցկեղով հիւանդ մանուկներուն եւ անոնց հարազատներուն` նիւթապէս եւ բարոյապէս, ինչպէս նաեւ հանրութեան մէջ ընդլայնել իրազեկումը` այս հիւանդութեան վերաբերեալ:

Այս առիթով, Մեսրոպեանի աշակերտները` մանկամսուրէն մինչեւ բարձր դասարաններ եւ արուեստից վարժարան, իրենց դրամական նուէրները փոխանցեցին կազմակերպութեան: Առաւել, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները ձեռային աշխատանքներով կազմեցին մանուկներու քաղցկեղի դէմ պայքարի խորհրդանիշը, որ տեղադրուեցան դպրոցի ցուցատախտակներէն մէկուն վրայ:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին