Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Հայաստանը Պատրաստ Է Աջակցելու Իրանին՝ Աղէտի Հետեւանքները Յաղթահարելու Նպատակով. Փաշինեանը՝ Ռոհանիին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանիին՝ ջրհեղեղի հետեւանքով մի քանի տասնեակ մարդոց մահուան առթիւ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետի հեռագիրին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Խորապէս ցնցուած եմ բարեկամ Իրանին պատուհասած ջրհեղեղի հետեւանքով մի քանի տասնեակ մարդկանց զոհուելու լուրից:

Հայ ժողովրդի եւ անձամբ իմ անունից անկեղծ վշտակցութիւն եմ յայտնում Ձեզ եւ Իրանի բարեկամ ժողովրդին եւ փոխանցում սփոփանքի ու քաջալերանքի խօսքեր զոհուածների հարազատներին ու մերձաւորներին

Հայաստանը պատրաստ է այս ծանր պահին զօրավիգ լինել Իրանի բարեկամ ժողովրդին եւ ցուցաբերել անհրաժեշտ աջակցութիւն աղէտի հետեւանքները յաղթահարելունպատակով»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին