«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԵԽԽՎ նախագահ Լիլիան Մորի Փասկիէն ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի ուղեկցութեամբ Մարտ 27-ին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ բարձրաստիճան հիւրը ծաղիկներ խոնարհած է անմար կրակին մօտ, յարգած է Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակը: Լիլիան Մորի Փասկիէն եղած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, ծանօթացած է ցուցանմուշներուն, գրառում կատարած է յուշամատեանին մէջ:
ԵԽԽՎ նախագահը նշած է, որ այսօր ալ դեռ կ’իրականացուին ցեղասպանութիւններ, եւ պէտք է պայքարիլ ատելութեան, այլատեացութեան եւ խտրականութեան դէմ: «Անոնք կը յանգեցնեն յանցագործութիւններու, եւ դէմ են մարդու իրաւունքներուն, արժանապատուութեան»,- ըսած է Լիլիան Մորի Փասկիէն: