ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու Բարեգործական Միութեան մշակութային յանձնախումբին, 23 Մարտ 2019-ին, Թահանկայի մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյ մը՝ Միութեան հիմնադրութեան հինգերորդ տարեդարձին առիթով. երգի ու նուագի ելոյթ մը, որ երիտասարդները անուանած էին «Հայկական ճոխ երեկոյ»:
Միութեան սրահը լեցուած էր հոծ բազմութեամբ. հոն ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսի ներկայացուցիչը, կուսակցութիւններու եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ անդամ ու անդամուհիներ:
Սարօ Աղպաշեան երեկոյին բացումը կատարելով Միութեան վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ հակիրճ ձեւով ներկայացուց միութեան կեդրոնատեղի մը ունենալու նիւթական հսկայ ծախսերու պահանջքը եւ յիշեց թէ ներկայիս Միութիւնը աւելի կարող է նիւթապէս եւ յոյս ունի որ մօտ ապագային իր սեփական կեդրոնը պիտի ունենայ բոլորին աջակցութեամբ։ Ան վարչութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին ներկայ գտնուելու համար:
Գեղարուեստական բաժինը, որ երկու մասերէ կը բաղկանար՝ նուագ եւ երգ, սկսաւ «Իլիկներու պար» նուագախումբի կատարմամբ, որուն հետեւեցաւ «Պինկէօլ» երգը Կասիա Բուշեանի կատարմամբ, ապա՝ «Զէյթունի ծառ» նուագը: Դալար Դագեսեան կատարեց «Զեփիւռ կը դառնամ» երգը, որմէ ետք նուագախումբը կատարեց «Վաղարշապատ»ը, իսկ Գարէն Դագեսեան կատարէց «Լուսին եմ ամպի տակին» երգը։ Երեկոն շարունակուեցաւ «Ամպից կորաւ լուսնկան» նուագով, Կասիա Բուշեանի «Լէլըմ լէյլմ» երգով. վերջին մասով՝ «Սարի սիրուն եար» նուագը, Գարէն Դագեսեանի «Քելէ քելէ» երգը եւ վաստակաւոր երգիչ Արմէն Դագեսեանի «Իմ Երեւան» երգի կատարումը:
Բոլոր ելոյթները բուռն ծափահարութիւններով գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ, որոնք խանդավառուած կը մասնակցէին երգերուն:
Փակման խօսքը կատարեց Միութեան երիտասարդ ատենապետ Հայկ Եսայեան. ան յայտնեց, թէ կեդրոն ունենալու նպատակն է մէկտեղ հաւաքել փոքրիկները եւ պատանիները զանոնք ձուլումէն հեռու պահելով։ Ան աւելցուց, թէ Միութեան նապատակն է նաեւ սերտ յարաբերութիւններ հաստատել հայկական կուսակցութիւններու եւ քոյր միութիւններու միջեւ:
Այս առիթով Միութեան յատուկ շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Բարեգործականի վեթերան անդամուհի Տիկ. Սրբուհի Որբերեան իր կատարած նուիրեալ աշխատանքներուն համար։ Միութեան շքանշանով պարգեւատրուեցան նաեւ խումբի անդամներ Վիգէն եւ Շիրակ Պետրոսեաններ, Լեւոն Թովմասեան,Վիգէն Մարտիրոսեան, Ռամզի Գաբրիէլեան, երեկոն պատրաստող Յարութ Զագարեան եւ երգիչները:
Երեկոյի աւարտին բոլորը հրաւիրուեցան ճաշակելու պատրաստուած համադամ ուտեստները։
ԹՂԹԱԿԻՑ