«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աունի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը հիմնական նորութիւն մը չբերաւ սուրիացի գաղթականութեան հայրենադարձութեան խնդրի տեսակէտէն: Այս մասին «Ազատ Լիբանան» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին ըսաւ Լիբանանի ուժեր կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժա:
Ան աւելցուց, որ երկու նախագահներու՝ մամլոյ համատեղ ասուլիսին կատարած յայտարարութիւնները նորութիւն մը չէին խոստանար գաղթականութեան ներգաղթի խնդրի տեսակէտէն, աւելցնելով, որ ինք պիտի սպասէ մինչեւ նախագահ Միշէլ Աուն վերադառնայ Մոսկուայէն՝ տեսնելու, թէ այդ հարցի գծով իրապէս կա՞յ էական նորութիւն մը: