Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հանդիսապետէ Միջինքի Արարողութեան՝ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Տասնամեակներու աւանդութեան համաձայն՝ Միջինքին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ արեւագալի արարողութեան կը հանդիսապետէ վեհափառ հայրապետը եւ իր հայրապետական պատգամը կու տայ ժողովուրդին: Այս տարի եւս, ընդառաջելով առաջնորդ սրբազանին եւ ազգային իշխանութեան հրաւէրին, Նորին Սրբութիւնը ներկայ գտնուեցաւ արեւագալի արարողութեան: Հաւատացեալ ժողովուրդին կողքին, արարողութեան ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայկական վարժարաններու աշակերտներ։ Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց դպրեվանքի ուսանողութիւնը:

Առաջնորդ սրբազանի ողջոյնի խօսքէն ետք, վեհափառ հայրապետը իր պատգամը առաւելաբար ուղղեց հոն ներկայ գտնուող հայ դպրոցներու աշակերտներուն ու շեշտը դրաւ լոյսի կարեւորութեան վրայ՝ ըսելով, որ արեւեգալի ժամերգութիւնը արեւուն գալուստը փառաբանող շարականներով լեցուն ժամերգութիւն մըն է, իսկ արեւը՝ լոյսը, Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է։ Անդրադառնալով լոյսի քրիստոնէական հասկացութեան՝ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց հոգեւոր ու բարոյական լոյսի կարեւորութիւնը: «Դարձեալ Աստուածաշունչը կը յիշեցնէ մեզի, որ լոյսը հոմանիշ է առաքինութեանց, վեհ արժէքներու ու բարի գործերու, այս բոլորէն վեր Աստուծոյ ներկայութեան»,– ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Հայրապետը ապա խօսեցաւ «Հրաժարիմք»-ին մասին ու պատուիրեց աշակերտներուն հեռու մնալ կեանքի խաւար գործերէն ու մտածումներէն ու դառնալ լոյսին։ «Տեսակ-տեսակ սատանաներ կը փորձեն զանազան կերպերով ներթափանցել մեր կեանքին մէջ։ Պէտք է զգո՛ւշ ըլլալ։ Մեր ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին իր հաւատքի զօրութեամբ մաքառած է խաւարին դէմ։ Մենք եւս մեր կեանքը լեցնենք աստուածային լոյսով, որպէսզի խաւարային մտածումները ու արարքները չմօտենան մեր կեանքին»,– ըսաւ հայրապետը ու իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով. «Հետեւի՛նք մեր մեծերուն, մեր ծնողներուն, կանոնաւոր կերպով եկեղեցի յաճախե՛նք, հա՛յ դպրոցի ուսանող դառնանք, որպէսզի հոգեւոր, բարոյական, ազգային ճշմարիտ լոյսով լիցքաւորուի մեր կեանքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին