Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Նասրալլա Կ’արձագանգէ Փոմփէոյի Հակահզպալլայական Յայտարարութիւններուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հրապարակային հակահզպալլայական յայտարարութիւնները ինքնին «հպարտութիւն ներշնչեցին» կուսակցութեան: Այս մասին Երեքշաբթի տեսաուղերձի ժամանակ նշեց Հզպալլա կուսակցութեան գլխաւոր առաջնորդ Հասան Նասրալլա:
«Ի դէպ, ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի մեկնաբանութիւններն ու յայտարարութիւնները վերահաստատեցին, որ մենք ճիշդ դիրքի վրայ ենք»,- ըսաւ Հզպալլա հեռարձակուող ուղերձի ընթացքին:
Նշենք, որ անցնող շաբաթ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ պաշտօնական այցով կը գտնուէր Լիբանանի Հանրապետութիւն:
Փոմփէօ ուղերձներէն մէկուն ժամանակ մասնաւորաբար նշեց. «Լիբանանը եւ լիբանանցի ժողովուրդը երկընտրանքի առջեւ է հիմա. կամ որպէս անկախ պետութիւն հաստատ քայլերով յառաջ ընթանալ, կամ թոյլ տալ, որ Իրանի եւ Հզպալլայի մութ շահերը որոշեն ձեր ապագան»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին