Կիրակի, 24 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, սովորական ներկայացումէ մը բաժնուելու տպաւորութեամբ չհեռացանք Պուրճ Համուտի Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահէն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին ներկայացուցած «Ակամայ ստախօսը» կատակերգութիւնը դիտելէ ետք:
Ներկայացումը 58-րդ էր լիբանանահայ իրականութեան մէջ վաթսուն տարի առաջ ծնունդ առած հռչակաւոր թատերախումբին:
Իր տեսակին մէջ եզակի կատակերգութիւն մը, բոլորովին հեռու այն խեղկատակութիւններէն, որոնք աժան միջոցներով ժպիտ կը փորձեն կորզել հանդիսատեսէն:
Նախքան ներկայացումը, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Թէլվիզեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ խնդրելով մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել բեմադրիչ Յարութ Գնդունիի նորոգ հանգուցեալ զաւկին՝ վաղամեռիկ Վարդանի յիշատակը:
«Ակամայ ստախօսը» կատակերգութեան հեղինակն է անգլիացի համբաւաւոր գրող Մայքըլ Գունին: Թատերախաղի հայացումը կատարած է թեմադրիչ Յարութ Գնդունին: Պատիւ բեմադրիչ Յարութ Գնդունիին, արհեստավարժ ստախօսներու պատուանդանի մը վերածուած էր բեմը:
Ներկայացումը սկսած պահէն խիստ ուշագրաւ եւ գնահատելի էր հանդիսականներուն թատերական յաջող գործ մը մատուցելու բեմադրիչին նուիրումը: Յարութ Գնդունի միաժամանակ համախմբած էր երիտասարդ եւ նորեկ տարրեր՝ անոնց մէջ սէր արթնցնելու հայ բեմին եւ թատրոնին հանդէպ:
Բեմին ձեւաւորումը՝ կոկիկ եւ պարզ: Ճաշակաւոր լուսախաղեր: Թատրերգութեան կեդրոնական դէմքը, որ ենթադրաբար պիտի ըլլար ներկայացումին միակ ստախօսը, պայմաններու բերումով մէկ առ մէկ իր «վարպետութեան» թակարդին մէջ կը խարսխէ գրեթէ բոլոր կերպարները: Դուրս կու գայ, որ իւրաքանչիւր կերպար սուտերու տոպրակ մը պահած է իր ներաշխարհին մէջ: Դէպքերու զարգացումով կը բացայայտուին մարդկային տկարութիւններ եւ թերութիւններ, խաբեբայութիւն, կեղծիք, շողոքորթութիւն եւ այլն:
Ներկայացումը կը զարգանայ պահու ստիպողութեան տակ, կերպարներուն յօրինած անակնկալ սուտերով, ծիծաղաշարժ անցուդարձերով: Յաճախ երկիմաստ, սրամիտ հիւմորով համեմուած երկխօսութիւնները արժանացան հանդիսականներուն ջերմ ընդունելութեան: Ներկայացումը միաժամանակ կը յատկանշուէր իր որակով, խորքով եւ խաղարկութեամբ:
Պէտք է ըսել, որ հանրածանօթ բեմադրիչ Յարութ Գնդունի բաւական մեծ վարպետութեամբ լիբանանեան բեմին պատշաճեցուցած էր անգլիացի գրող Մայքըլ Գունիի «Cash On Delivery» զաւեշտը:
Իւրաքանչիւր դերասան հմտօրէն տիրապետած էր իր կերպարին: Գնահատանքի խօսք շնորհալի դերասանական կազմին՝ Յարութ Թորոսեանին, Յարութ Մանուկեանին, Ցոլին Գարճիգեանին, Եղիկ Աւետիքեանին, Դանիէլ Քէօրօղլեանին, Հուրի Պապահեքեանին, Արմէն Մաճառեանին, Վիգէն Քէօշկերեանին, Կարինէ Ներսէսեանին եւ Մարիանա Մկրտիչեանին:
Գնահատանքի խօսք լուսանկարիչ, բեմավար եւ վարչական պատասխանատու Սեւակ Նորշահեանին, բնագիրի տպագրութեան պատասխանատու Տրդատ Աւետիքեանին, ձայնի եւ լուսաւորումի պատասխանատու Գէորգ Նոխուտեանին, երաժշտութեան ընտրութիւնը կատարող Սուրէն Խտըշեանին:
Այս բոլորը՝ նուիրեալ եւ սիրայօժար աշխատանքի արդիւնք:
Հանդիսատեսները իսկապէս վայելեցին թատերական յիշատակելի երեկոյ մը:
Տքնաջան եւ հետեւողական աշխատանք, որուն գլխաւոր դափնին բնականաբար կ’երթայ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի կեդրոնական վարչութեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վարչութեան, վաստակաւոր բեմադրիչ Յարութ Գնդունիին, դերասանական կազմին եւ բոլոր այն անհատներուն, հաստատութիւններուն, որոնք կը հաւատան հայ թատրոնի առաքելութեան:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ