«Գաւառը» Լուսարձակի Տակ – 18 –
ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Լոռի մարզին մէջ, եթէ 2017-ին տարբեր յանցագործութիւններու համար արձանագրուած էր 1360 դէպք, ապա այդ թիւը 2018-ին բարձրացած է 1651-ի: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է մարզի դատախազ Արսէն Մարտիրոսեանը: Սեփականութեան դէմ ոտնձգութիւններու աճ արձանագրուած է: 2017-ի 425 դէպքի համեմատութեամբ՝ 2018-ին այդ թիւը բարձրացած է 600-ի: Աճած են բնակարանային գողութիւններու եւ անձնական գոյքի յափշտակութեան դէպքերը: Յանցագործներուն մէջ կան նաեւ վերջերս համաներումի հրամանով ազատուած մարդիկ: Յանցագործութեան աճը միայն Վանաձորին չի վերաբերիր, այլ ամբողջ երկրին: Պատճառը դժուար չէ կռահել. մարդկանց աշխատատեղերը փակուած են նախկին իշխանութիւններուն կարգադրութեամբ՝ ապրելու միջոցներէն զրկելով հայ մարդը: Վանաձորի ոստիկանութիւնը քարտէսագրած է քաղաքի այն հատուածները, ուր գողութեան աճ նկատուած է, եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն յանձնարարուած է այդ հատուածները ապահովել լուսաւորութեամբ եւ տեղադրել տեսախցիկներ:
Գողերը համարձակութիւն ունեցած են անցեալ ամիս մարզի դատախազի տեղակալին բնակարանը մտնելու եւ թալանելու: Մարտ 15-ին ալ ինքնաշարժներու ապահովագրութեան «Ինկօ Արմէնիա» ընկերութեան Վանաձորի մասնաճիւղի դուռը թեքնիքական միջոցներով բացած եւ գրասենեակէն յափշտակած են 7 մոնիթոր, տեսանկարահանող խցիկներու յիշողութեան սարքը եւ որոշ գումար:
Թմրամիջոցներու ապօրինի օգտագործումը եւս մտահոգութիւն կը պատճառէ: 2019-ին առաջնահերթ խնդիր պէտք է դառնայ թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութիւնը:
Ասուլիսի ընթացքին դատախազ Ա. Մարտիրոսեան արտայայտուած է նաեւ կաշառք տալու եւ ստանալու դէպքերուն մասին: 2017-ի կաշառքի 3 դէպքի դիմաց 2018-ին արձանագրուած է 70: