«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսլամական պետութիւն ահաբեկչական խմբաւորումը կորսնցուցած է իր վերջին յենակէտը Սուրիոյ մէջ, որով վերջ դրուած է խալիֆայութեան, որուն ստեղծումը յայտարարած էր 2014 թուականին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «CNN»-ը, այս մասին յայտնած են Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերը:
Ամերիկեան, բրիտանական եւ ֆրանսական յատուկ ջոկատայիններու աջակցութեամբ գործող քրտական եւ արաբական զինուած ուժերու միաւորումը յայտարարած է, որ ԻՊ-ին յաղթած են եւ ազատած Արեւելեան Սուրիա գտնուող Պաղուզ քաղաքը:
«Սուրիական դեմոկրատական ուժերը կը յայտարարեն այսպէս կոչուած խալիֆայութեան եւ ԻՊ-ի կողմէ տարածքներու 100 տոկոս կորուստը: Այս իւրօրինակ օրը մենք կը յիշենք հազարաւոր նահատակները, որոնց ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ հասնիլ յաղթանակի», – ըսած է Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերու մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Մուսթաֆա Պալին:
Մարտէն ետք սուրիական ուժերը քաղաքի շէնքերէն մէկուն մէջ դրօշ բարձրացուցած են՝ նշելով ԻՊ-ի դէմ յաղթանակը: