Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Կլատիս Պերեճիքլեան Դարձաւ Նոր Հարաւային Ուէյլզի Առաջին Ընտրուած Կին Վարչապետը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ուէյլզ նահանգին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն յաղթած է` դառնալով առաջին կին գործիչը, որ ընտրուած է նահանգի վարչապետի պաշտօնին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ The Sydney Morning Herald-ը:

Պերեճիքլեանի քաղաքական ուժը` Ազատական կուսակցութիւնը յաղթած է ընտրութիւններուն իր հիմնական մրցակիցին` Աշխատաւորական կուսակցութեան:

Ընտրութիւններուն յաղթանակի լուրը իմանալէն ետք Պերեճիքլեան փորձած է զսպել արցունքները` յայտարարելով, որ Նոր Հարաւային Ուէյլզը այն նահանգն է, ուր «երկար ազգանուն ունեցող կին գործիչը կրնայ ընտրուիլ վարչապետ»:

«Ես անասելիօրէն հպարտ եմ այն վայրի համար, ուր մենք կ՛ապրինք: Եւ ամենակարեւորը ինծի համար այն է, որ անկախ անկէ, թէ ինչ ծագում ունիս, ուր կ՛ապրիս ու ինչ պայմաններու մէջ ես` այս նահանգին մէջ իւրաքանչիւրը հնարաւորութիւն ունի ըլլալու լաւագոյնը»,- ըսած է ան յաղթանակէն ետք իր կողմնակիցներուն առջեւ ունեցած ելոյթի ժամանակ:

Ընդդիմութեան առաջնորդ, Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Մայքլ Տելին թէեւ նշած է, որ ընտրութիւններու յայտարարուած արդիւնքները դեռեւս վերջնական չեն, արդիւհաներձ զանգահարած եւ շնորհաւորած է Կլատիս Պերեճիքլեանին:

Աւստրալիոյ վարչապետ Սքոթ Մորիսըն եւս շնորհաւորած է աւստրալահայ գործիչը եւ անոր կուսակցութեան ընտրութիւններուն «իւրայատուկ, կարգապահ եւ խիզախ յաղթանակի առիթով»:

Տակաւին յստակ չէ` արդեօք Պերեճիքլեանի կուսակցութիւնը մեծամասնական կառավարութիւն պիտի կազմէ, թէ ոչ:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին