«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ապրիլ 8-ին կ’այցելէ Ռուսիա: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ԹԱՍՍ»-ը, այս մասին նշուած է Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակի յայտարարութեան մէջ:
Ներկայիս Թուրքիոյ նախագահի վարչակազմը չի յայտներ յառաջիկայ այցի ծրագիրը:
Փետրուարին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխնախարար Ահմեթ Տուրսունը յայտարարած էր, թէ թրքական կողմը յոյսով է, որ Ապրիլ 8-ին Պուլկարիոյ թատրոնին մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները երկու երկիրներու մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տարուան մեկնարկը կու տան: