Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Փոմփէօ Կը Մեղադրէ Հզպալլան՝ Լիբանանը «Թալանելուն» Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ մեղադրեց Հզպալլան՝ Լիբանանի պետական պաշարները կորզելուն համար:
«Հզպալլա կը թալանէ Լիբանանի պետական պաշարները, որոնք իրաւացիօրէն կը պատկանին ժողովուրդին»,- Լիբանանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի հետ մամլոյ համատեղ ասուլիսին ըսաւ Մայք Փոմփէօ:
«Քաղաքական խոստումներով կամ ահաբեկութեան միջոցով Հզպալլա «յաջողած է» ներգրաւուիլ ոչ միայն Լիբանանի խորհրդարանին, այլ նաեւ այլ պետութիւններու կառոյցներուն մէջ, եւ այնպէս կը ձեւացնէ, թէ ան զօրավիգ կը կանգնի պետութեան»,- ըսաւ Փոմփէօ՝ շեշտելով, որ Հզպալլա կը խոչընդոտէ ժողովուրդի երազները, ձգտումներն ու հեռանկարները:        

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին