Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպում Մը Ունեցաւ Հոգեւոր Հայրերու Եւ Անոնց Ծնողներուն Հետ

Երէկ՝ հինգշաբթի, 21 մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Նարեկ Արքեպիսկոպոս, Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերուն, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայ հայրերուն եւ անոնց ծնողներուն հետ։

Իր բնոյթին մէջ եզակի հանդիպումին Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկաները, եւ հաստատեց, որ նմանօրինակ հանդիպումներու ճամբով կը հաստատուի փոխադարձ մտերմութիւն եւ գործակցութիւն ու լուսարձակի տակ կ՛առնուի մեր հոգեւոր եւ ազգային առաքելութիւնը։ Նարեկ Արքեպիսկոպոս մեծապէս գնահատեց հոգեւորականներու ծնողներուն իրենց ամենէն թանկագինը` զաւակը ազգին նուիրելու պատրաստակամութիւնը։

«Դուք Ձեր զաւակներէն չզրկուեցաք. այլ, ընդհակառակը` առաւել հարստացաք, զանոնք մեր մեծ ընտանիքին` Հայ եկեղեցւոյ նուիրելով։ Մենք` հոգեւորականներս Դպրեվանքին մէջ ապրեցանք եղբայրութեան քաղցրութիւնը եւ կազմաւորուելէ ետք, Աստուծոյ ծառայութեան ուղիին վրայ առաւե՛լ հարազատութեամբ մեր ժողովուրդը ճանչցանք ու սիրեցինք», հաստատեց Սրբազանը։

Սրբազան հօր եւ հոգեւոր հայրերու ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն միջեւ մտերմիկ զրոյցը շարունակուեցաւ Մեծ Պահքի ուտելիքներու հիւրասիրութեամբ, ինչպէս նաեւ յուշերու եւ տպաւորութիւններու պատումով եւ հաւաքական երգեցողութեամբ։

Նարեկ արքեպիսկոպոս շեշտեց, թէ նմանօրինակ հանդիպումներ պարբերական դրութեամբ յառաջիկային եւս պիտի կազմակերպուին, որովհետեւ առիթներ են փոխադարձ ծանօթացման եւ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի ստեղծման։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին