Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

«Ճարտարապետութեան Ազդեցութիւնը Քաղաքակրթութեան Հոլովոյթին Եւ Ժողովուրդներու Մտածելակերպին Վրայ» Նիւթով Իւրայատուկ Դասախօսութիւն Մը

Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հայկազեան համալսարանի Մուկար շէնքի Մաթոսեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ H. G. Architects-ի տնօրէն պրն. Հրակ Կէօքճեանի իւրայատուկ դասախօսութիւնը «Տեսիլք 100 – Պատերը կրնա՞ն քեզ փոխել» խորագրով:

Ան պատկերներով մանրամասն ներկայացուց ճարտարապետութեան ազդեցութիւնը քաղաքակրթութեան հոլովոյթին եւ ժողովուրդներու մտածելակերպին վրայ:

Յայտագրի երկրորդ բաժնով ան ներկայացուց ճարտարապետական եւ արդիական իր պատկերացումը համալսարանի Մեխակեան շէնքին նկատմամբ, որ պիտի բաւարարէ համալսարանին յաջորդ 100 տարիներու պէտքերն ու զարգացման հնարաւորութիւնները՝ զայն դասելով Միջին Արեւելքի համալսարանական բարձրորակ շէնքերու շարքին:

Յայտագրի աւարտին, պրն. Կէօքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ համալսարանին, իսկ համալսարանի նախագահին յանձնեց իր «Դէմքեր» կոչուած իւրայատուկ արուեստի գործը:

Իր կարգին, համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան բարձր գնահատեց Կէօքճեանի աշխատանքն ու նուիրումը  իր մասնագիտութեան՝ մաղթելով իրեն նորանոր յաջողութիւններ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին