Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Թրամփ «Ամէնէն Իսրայելամէտ Նախագահն» Է ԱՄՆ-ի Ամբողջ Պատմութեան Մէջ. Սպիտակ Տուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Սառա Սանտերս Մարտ 21-ին յայտարարած է, որ Տոնալտ Թրամփ ի շահ Իսրայէլի աւելի շատ կը գործէ, քան ոեւէ այլ նախագահ ԱՄՆ-ի ամբողջ պատմութեան ընթացքին, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

«Նախագահ Տոնալտ Թրամփ ամէնէն իսրայելամէտ նախագահն է մեր երկրի ամբողջ պատմութեան մէջ»,- գրած է ան Twitter-ի իր էջին վրայ:

Աւելի կանուխ, Թրամփ յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ը պէտք է ճանչնայ Իսրայէլի լիակատար գերիշխանութիւնը Կոլանի բարձունքներուն վրայ: Միաժամանակ Սպիտակ տունը եւ պետական գերատեսչութիւնը չեն պարզաբաներ նախագահին կատարած յայտարարութիւնը:

1944 թուականէն Սուրիոյ պատկանող Կոլանի բարձունքները Իսրայէլը գրաւեց 1967 թուականի վեցօրեայ պատերազմին: 1981 թուականին Իսրայէլի խորհրդարանը ընդունեց օրէնք մը, որով միակողմանի կարգով հռչակեց հրէական պետութեան գերիշխանութիւնը Կոլանի բարձունքներուն վրայ: Բռնակցումը անվաւեր հռչակուած է ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի՝ 1981 թուականի Դեկտեմբեր 17-ի թիւ 497 բանաձեւով, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին