«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Եւրամիութեան մէջ մնացող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու բոլոր 27 ղեկավարները «Եւրամիութեան գագաթնաժողովին միաձայն ընդունեցին Մեծն Բրիտանիոյ՝ ԵՄ-էն դուրս գալու ամսաթիւի յետաձգումը ՝ հաւանական երկու «բեմագիրի» հիման վրայ»: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, մամլոյ ասուլիսին յայտնած է Եւրախորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքը՝ ամփոփելով գագաթնաժողովի առաջին օրուան արդիւնքները:
«Brexit-ը կը յետաձգուի մինչեւ Մայիս 22 այն պայմանով, որ բրիտանական խորհրդարանը մինչեւ Մարտի վերջը հաւանութիւն տայ դուրս գալու համաձայնագիրին, կամ մինչեւ Ապրիլ 12, եթէ այդ համաձայնագիրին հաւանութիւն չտրուի»,- յայտարարած է Թուսքը: Այդ մասին յայտնած է նաեւ Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրցը: Գագաթնաժողովի ամփոփիչ փաստաթուղթին համաձայն՝ «եթէ յաջորդ շաբաթ բրիտանական խորհրդարանի Համայնքներու պալատը հաւանութիւն չտայ դուրս գալու համաձայնագիրին, Եւրախորհուրդը համաձայն է յետաձգումին մինչեւ 2019 թուականի Ապրիլ 12 եւ կ’ակնկալէ, որ Միացեալ Թագաւորութիւնը մինչեւ այդ օրը Եւրախորհուրդին տեղեկացնէ հետագայ յառաջշարժելու իր տեսլականին մասին»:
Ինչպէս պարզաբանած է Թուսքը, Մեծն Բրիտանիան այդ պարագային կրնայ նախընտրել դուրս գալ առանց համաձայնագիրի, աւելի երկար յետաձգում խնդրել կամ Brexit-էն հրաժարիլ: Ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսին Եւրայանձնաժողովի ղեկավար Ժան Քլոտ Եունքեր եւ Եւրախորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքը չկարողացան պատասխանել այն հարցին, թէ որքա՞ն երկար կրնայ շարունակուիլ «երկարատեւ յետաձգումը»: «Անվերջ»,- ըսած է Եունքերը, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը: