Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

ՔՐՏԱԿԱՆ ԶԱՐԹՕՆՔԸ

ՀԵՆՐԻ Ճ. ՊԱՐՔԻ

Վերածնունդը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քիւրտերը զօրաշարժի ենթարկուեցան 20-րդ դարի ընթացքին, ձեռք ձգելով որոշ աստիճանի ինքնավարութիւն ու մշակութային ազատութիւն յաչս Կեդրոնական կառավարութեան։ Վերջին հարիւր տարիներուն, քիւրտերու ընթացիկ առօրեան յատկանշուեցաւ ընդդիմութեամբ եւ ըմբոստութիւններով։ Ներկայիս, ամէն ինչ փոխուելու վրայ է, երբ անոնք ձեռք ձգած են ինքնավարութեան փորձառութիւն ոչ միայն Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութեան հողամասին վրայ, այլ բազմաթիւ քաղաքապետութիւններու՝ Թուրքիոյ ու Սուրիոյ մէջ։ Այս պատճառով, քրտական պատկանելիութիւն գոյացած է ազգային սահմաններէ անդին։

Իրենց պայքարին մէջ դէպի անկախութիւն, քիւրտերը ներքին լուրջ դժուարութիւններ ունին։ Այսպէս, Քիւրտիստանի Շրջանային Կառավարութիւնը հարուստ է քարիւղով, բայց ապականած կաշառակերութեամբ ու պառակտուած՝ Պարազանիներու ու Թալապանիներու հակամարտութեամբ։ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Տեմոքրաթ Միութիւնը կ՚իշխէ ու կը հայթայթէ տեղացի ժողովուրդին պէտքերը։ Թուրքիոյ մէջ, Ժողովրդավար Տեմոքրաթ Կուսակցութեան (HDP) ձախակողմեան թեւը, թէեւ 2016-ի ընտրութեան 102 քաղաքապետութեանց տիրացաւ, Էրտողան պաշտօնանկ ըրաւ անոնցմէ 94-ին ներկայացուցիչները, անիկա կը սպառնայ չէզոքացնել մնացեալները եւս 2019-ի Մարտի ընտրութեանց, ու նոյնիսկ լուծել կուսակցութիւնը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին միջոցաւ։

Քրտական ինքնավարութիւնը, եթէ նոյնիսկ չէ յաղթանակած, անիկա պարգեւ մը դարձած է քրտական մշակոյթին ու լեզուին՝ վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ։

Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ, Տեմոքրաթ Կուսակցութեան տիրապետութեան տակ գտնուող շրջանին մէջ, kurmanji բարբառը կը գործածուի։ Մինչ Հայրենասէր Միութեան տիրապետութեան տակ գտնուող շրջանին մէջ sorani բարբառը կ՚օգտագործուի։

Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Տեմոքրաթ Միութեան Կուսակցութիւնը քրտերէն լեզուով ուսուցում կու տայ իր հակակշռին տակ գտնուող շրջաններուն մէջ։

Եւրոպայի քիւրտերը հանրային գիտակցութիւն արթնցուցած են իրենց հայրենակիցներուն մէջ։ Վերջին վաթսունամեակին, աւելի քան մէկ միլիոն քիւրտեր գաղթած են դէպի եւրոպական երկիրներ, փախուստ տալով հալածանքէ ու ճնշումէ։ Ազատ ըլլալով գործակցելէ տեղական շրջանակներու հետ, անոնք հասարակական գիտակցութիւն արթնցուցած են իրենց ցեղակիցներուն մօտ՝ քրտական հարցերու հանդէպ։ Անոնք ճնշում բանեցուցած են յատկապէս Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Հոլանտայի կառավարութեանց, եւ ընդհանրապէս Եւրոպական Միութեան անդամ միւս երկիրներուն վրայ, որպէսզի անոնք փոխեն իրենց քաղաքականութիւնը Իրանի, Իրաքի, Սուրիոյ ու Թուրքիոյ հանդէպ։

Քրտական լեզուին գործածութիւնը տարածուած է նոյնիսկ Իրանի եւ Թուրքիոյ մէջ, ուր քիւրտերը մասնաւոր ազդեցութիւն մը չունին։ Սակայն, Թուրքիոյ մէջ, կարգ մը համալսարաններ արտօնած են ուսանողները քրտերէն լեզուն սորվելու։ Պետութիւնը հեռատեսիլի կայան մը ստեղծած է, քրտերէն պաշտօնական հաղորդումներ կատարելու համար։ Իսկ Պարսկաստանի մէջ, 2015-էն սկսեալ, պետութիւնը արտօնած է երկրորդականի կամ համալսարանի մէջ, կամաւոր, քրտերէն լեզուով դասընթացքներու հետեւիլ, մեծամասնութեամբ քրտաբնակ շրջաններէ ներս։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱԶԳ ԿԱԶՄԵԼ

Վերեւ մատնանշուած 4 երկիրներու,– Իրաք, Իրան, Թուրքիա ու Սուրիա,– եւ արտասահմանեան համայնքներուն (մանաւանդ եւրոպական երկիրներ) մէջ քիւրտերը, շնորհիւ լեզուական, մշակութային եւ ընկերային հաղորդակցութեանց (social media) զօրացուցած են քրտական ինքնութիւնը։ Թէեւ միաձայն (in unison) չեն արտայայտուիր, անոնք իւրացուցած են մէկ ազգ կազմելու բոլոր ստորոգելիները, բացի՝ գերիշխանութենէ (suzerainty)։

2014-ի ամրան, ISIS-ի արշաւանքը Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ մեծապէս սատարեց սահմաններու գրեթէ անհետացման։ PKK-ն ոչ միայն կը գործէ Թուրքիոյ մէջ, այլ՝ Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Իրաքի։ Այնքան ատեն որ այս երկու երկիրներուն մէջ կեդրոնական կառավարութիւնը տկար մնայ, ինքնավարութեան առիթները առկայ կը դառնան։ Սակայն, Թուրքիոյ եւ Իրանի մէջ՝ գրեթէ անկարելիութիւն է։

Թուրքիոյ մէջ, 2018-ի ընտրութիւններուն, քրտական կուսակցութիւնը երրորդ եկաւ, իշխանութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներէն ետք։ Գործակցութեան զարգացումը ընդդիմութեան հետ, ու քիւրտ կազմակերպութեանց գործունէութիւնը Եւրոպայի մէջ, պիտի ստեղծէ փրօ-քիւրտ կեցուածք մը Եւրոպական Միութեան մօտ։ Թուրքիոյ քիւրտերը, իրենց զինուորական (PKK) ու քաղաքական (HDP) կազմակերպութիւններով կրնան առաջնորդել քրտական շարժումը։

Իրան ներքնապէս ճնշած է քիւրտերը։ Սակայն կապեր հաստատած է Իրաքի Շրջանային Կառավարութեան հետ, ճնշելու համար իր երկրին քիւրտերը։ Սակայն, Պարսկաստան Սուրիոյ պէս, դիւրաբեկ իշխանութիւն ունի. որքան փան-քրտական ինքնութիւնը եւ ինքնավարութիւնը աճի, իրանցի քիւրտերը պիտի խլրտին Թեհրանի մէջ։

Հիւսիսային Սուրիայէն քաշուելու ամերիկեան յայտարարութիւնը տկարացուցած է հոն բնակող քիւրտերու դիրքը։ Անոնք ստիպուած պիտի բանակցին Դամասկոսի հետ։ Թէեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ «պիտի ապահովէ» քիւրտերը, Ամերիկայի պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոն եւ Ազգային Ապահովութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընը, զգուշացուցին Թուրքիան, Դամասկոսը, կամ՝ շրջանային ուժեր, որպէսզի չմիջամտեն Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ։

Մօտիկ ապագային, ինչ որ ալ պատահի, ետ դարձ չի կրնար ըլլալ։ Ամերիկեան միջամտութեամբ, կամ՝ նեցուկով, քիւրտերը հիմնականօրէն նոր ուղիի մը վրայ կը գտնուին, միացած ժողովուրդ մը դառնալով։

Քրտական պետութիւն մը կտրելիք երկար ճամբայ կրնայ ունենալ։ Սակայն, երբ գոյանայ, անկէ անդին պիտի դառնայ ազգ եւ ուռճանայ։

Թարգմ. ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

(Շար. 3 ու վերջ)

«Foreign Affairs», Մարտ-Ապրիլ 2019

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին