Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Ս. Գր. Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ վարժարան Ես ալ կ՚ուզեմ Արարատ մագլցիլ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 16 Մարտ 2019, Շաբաթ օր, Փասատինա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական շաբաթօրեայ վարժարանը ապրեցաւ վերելքի օր մը. վարժարանի աշակերտութիւնը վայելեց Հայկական Լեռնագնացներու Ընկերակցութեան (ՀԼԸ – AHA) նախագահ Ռոպերթ Ասարեանի եւ նոյն ընկերակցութեան անդամներէն Արթուր Բարսեղեանի այցելութիւնը: Հիւր լեռնագնացները մօտ անցեալին Արարատ մագլցած են եւ լեռնագնացութեան բազմամեայ փորձառութիւն ունին: Անոնք աշակերտներուն հետ անցուցին ներշնչող եւ դաստիարակիչ ժամ մը:

Յայտագիրը սկսաւ հիւրերու խանդավառ դիմաւորումով: Վարժարանի փոքրիկները եռագոյններ ծածանելով ընդունեցին զանոնք ու երգեցին Հայաստանի օրհներգը: Վարժարանի կամաւոր օգնականուհիներ Սուզան Ղազարեանը եւ Շողիկ Գասպարեանը ներկայացուցին հիւրերը: Ապա աշակերտները հիացումով դիտեցին ՀԼԸ-ի արկածախնդիր անդամներու Արարատ մագլցելու վաւերագրական շարժանկարը: Աշակերտները նաեւ փորձեցին լեռնագնացի մը օժանդակ սարքերը, ինչպէս՝ ձիւնի վրայ քալելու համար գործածուող մեխաւոր կօշիկը: Ապա հիւր լեռնագնացները խօսեցան իրենց փորձառութիւններուն մասին ու պատասխանեցին աշակերտներու եւ ուսուցիչներու հարցումներուն: Այդ հարցումները բազմազան էին. գործնականէն (Թէ, քանի՞ օր կը տեւէ բարձրացումը եւ ի՞նչ կ՚ուտեն լեռնագնացները) մինչեւ իմաստասիրական («Գագաթ հասնողը ի՞նչ կը զգայ»): Հիւրերը ունէին նաեւ անակնկալ մը: Անոնք դպրոցին նուիրեցին Արարատի գագաթէն բերուած հրաբխային ժայռի բեկոր մը: Վերջաւորութեան բոլոր աշակերտները միաբերան ըսին. «Ես ալ կ՚ուզեմ Արարատ մագլցիլ»:

            Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական շաբաթօրեայ վարժարանը կը հաւատայ, թէ այսպիսի արտադասարանային դաստիարակչական հանդիպումներ սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութիւնը կերտելու լաւագոյն միջոցներ են: Վարժարանը այս նպատակով առած է քայլ մը եւս՝ իր ընտանիքներուն համար պատրաստած է ճանաչողական եւ դաստիարակչական ամառնային պտոյտ՝ դէպի Հայաստան եւ Արցախ:

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին