Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Ո՞վ է Լէքս Նաճարեան

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամէն անգամ որ հայ մը փայլի՝ որպէս մարզիկ, արուեստագէտ եւ կամ քաղաքական գործիչ, հայրենի թէ օտար երկնակամարի տակ, մեր սիրտերը կը լեցուին հպարտութեամբ, անհուն գոհունակութեամբ եւ մենք կ՚ուզենք տարածել այդ լուրը համայն հայութեան, որպէսզի իրենք ալ բաժնեկից դառնան մեր ուրախութեան։

Ահաւասիկ այդ վերջին աստղերէն մին է Լէքս Նաճարեանը, որ կ՚ապրի Նէպրասքա նահանգի Լինքըն քաղաքին մէջ։ Լէքս Նաճարեան 2012-ին աւարտած է երկրորդական վարժարանը եւ 2017-ին համալսարանը՝ ստանալով Պսակաւոր Արուեստից տիտղոս հոգեբանութեան ճիւղին մէջ։

Լէքս Նաճարեան (տեսնել նկարը) այս տարուան Յունուար ամսուն ընտրուած է Նէպրասքա նահանգի գեղեցկութեան թագուհի (Miss Nebraska) եւ առ այդ պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու գեղեցկութեան թագուհիի մրցոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան ընթացքին՝ Լուիզիանա նահանգի Շրեւըփորթ-Պօսիյէ (Shreveport-Bossier) քաղաքին մէջ։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ Լէքս Նաճարեան կը սերի ազգային բարերարի մը ընտանիքէն։ Արդարեւ, Լէքսի մեծ հօր՝ Սարգիսին մեծ հայրը ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ նոյնինքն խարբերդցի Լազար Նաճարեանը, որու նիւթական օժանդակութեամբ հիմնուած է Հալէպի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լազար Նաճարեան նախակրթարանը 1954 թուականին։

1959 թուականին՝ այդ նախակրթարանին աւելցաւ երկրորդական բաժին մըն ալ, նիւթական օժանդակութեամբը Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկի հայկական բաժանմունքին եւ դպրոցը վերանուանուեցաւ ՀԲԸ Միութեան Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան, որ տակաւին գործօն է Հալէպ քաղաքին մէջ։

Գալով Լէքս Նաճարեանի մեծ հօր՝ Սարգիսին կենսագրութեան, ան ուսանեցաւ բժշկութիւն եւ դարձաւ նշանաւոր վիրաբոյժ՝ մասնագիտանալով երիկամի, շարոյրի եւ լեարդի պատուաստումին (transplant) մէջ, հաստատուելով Մինիսոթա նահանգին մէջ։ Ինչո՞ւ այս մասնագիտութիւնը, որովհետեւ իր հայրը Կարապետ շատ հիւանդ էր երբ ինք կը մեծնար եւ ան մահացաւ 56 տարեկանին, մինչ Կարապետին հայրը՝ բարերար Լազար Նաճարեան ապրեցաւ 93 տարի։

Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը 2018-ի Միացեալ Նահանգներու գեղեցկութեան թագուհին ընտրուած էր Նէպրասքա նահանգէն եւ կը կոչուի Ռոզ Սամըրզ։ Մեր մաղթանքն է, որ հայազգի Լէքս Նաճարեան ոչ միայն ընտրուի Միացեալ Նահանգներու գեղեցկութեան թագուհի, այլեւ Տիեզերքի գեղեցկութեան թագուհի (Miss Universe), որ տեղի պիտի ունենայ այս տարի՝ Թայլէնտի մայրաքաղաք Պանքոքի մէջ։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին