Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

«Նոր Օր»-ի նախաձեռնութեամբ. Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150 եւ Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, Մարտ 21-ի երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ Արեւմտեան թեմի «Գալայճեան» սրահին մէջ (3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank) տեղի պիտի ունենայ գրական բացառիկ երեկոյ մը, հայ գրականութեան անմոռանալի հրավառութիւն մը, նուիրուած՝ հայ գրականութեան անթառամ փառքերէն, անմահներ «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին եւ «Հայ բանաստեղծութեան իշխան» Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակին:

Հայ գրականութեան երկնակամարին վրայ ճառագայթող այս երկու տիտանները ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլ՝ ամենայն համեստութեամբ կարելի է ըսել, միջազգային գրականութեան անդաստանին մէջ իրենց ուրոյն տեղը գրաւած են:

Ձեռնարկը իր օրհնաբեր ներկայութեամբ պիտի հովանաւորէ թեմիս գրասէր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, իսկ իր պատուաբեր ներկայութեամբ ձեռնարկը պիտի պատուէ ՀՀ Լոս Անճելըսի Գլխաւոր հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան:

Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 3-8, նոյն վայրին մէջ պիտի ցուցադրուին մեծատաղանդ նկարիչ Շմաւոն Շմաւոնեանի բարձրորակ նկարները:

Այս աննախընթաց գրական ձեռնարկին համար, Հայաստանէն հրաւիրուած են հայրենի վաստակաշատ գրականագէտներ, բանասէրներ՝ Դոկտ.-Փրոֆ. Սամուէլ Պարգեւի Մուրատեանը, որ պիտի զեկուցէ Յովհաննէս Թումանեանի մասին եւ Դոկտ.-Փրոֆ. Արծրուն Աբգարի Աւագեանը, որ պիտի ներկայացնէ Վահան Թէքէեանը: Վերջինիս Վահան Թէքէեանի մասին նորատիպ մենագրութեան մասին պիտի զեկուցէ Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան։

Հայրենի երկու մանկավարժները Երեւանի Պետական համալսարանի գրականագիտական ամպիոններու ղեկավարներ են: Անոնք իրենց գրական, բանասիրական եւ գիտական յօդուածներուն, իրենց բանասիրական ծառայութիւններուն համար արժանացած են բազմաթիւ գնահատականներու: Այս պատուական բանախօսները մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին պարծանքն են:

Լոս Անճելըսի հայութիւնը անցեալին առիթ ունեցած է լսելու այս պատուական դասախօսներուն ելոյթները մեր քաղաքին մէջ:

Հինգշաբթի, Մարտ 21-ին, անգամ մը եւս առիթը պիտի ունենանք մեծագոյն հաճոյքով վայելելու Թումանեանի եւ Թէքէեանի գոհար բանաստեղծութիւնները:

Այդ երեկոյ պիտի գործադրուի գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը:

Մուտքը ազատ է: Սիրով հրաւիրուած էք այս խիստ շահեկան գրական հանդիպումին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին