Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

ՄԱՆՐԱԴԻՏԱԿԷՍ

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Երկու խօսք

 ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Չստացուեց» պիտի ըսէինք արեւելահայերէնով։ Չստացուեց, որովհետեւ ա՛լ տեղ մը հասայ, ուրկէ անդին լռելը եւ չկիսուիլը սկզբունքիս դէմ է։ Ըսելու եւ գրելու շատ բան ունիմ, բայց միշտ մէջէս ձայն մը կ՚արգելակէ զիս՝ ո՜վ պիտի կարդայ, քանի՞ հայ ընթերցող մնաց արտերկրի տարածքին։ Այս իսկ պատճառով առաջին զրոյցս պիտի սկսիմ հայոց լեզուին աղաւաղուելու եւ մորթոտուելու փաստէն։ Ես միակը չեմ, որ այս եւ այլ խնդիրներու մասին կը գրեմ։ Բայց ուրիշ ձայն մըն ալ կը թելադրէ. «Դո՛ւն ալ միացիր սրտցաւ մարդոց, ըսէ՛ ըսելիքդ ու անցիր»։

 

Ա.- «Ա՜խ լեզուն, լեզուն»

            Պիտի չկեդրոնանամ հայոց լեզուի նահանջին ու հոգեվարքին վրայ, որովհետեւ ցաւօք սրտի պիտի չկրնայինք խուսափիլ այս ճակատագրէն այնքան ատեն որ մեր ոտքին տակի հողը հայրենի հողը չէ եւ մեր շուրջը չի դայլայլեր մայրենի լեզուն։

            Այսուամենայնիւ կարելի է եղածը ոչ միայն պահպանել, այլեւ բարելաւել, մաքրել ու աւելի արժանապատիւ պատուանդանի մը վրայ դնել։

            Ընդհանրապէս արդի հայերէնի երկու տարբերակներն ալ միտում ցոյց կու տան գռեհկութեան։ Խօսքս ընդհանրապէս կը վերաբերի բանաւոր (բերանացի) խօսակցական հայերէնին, թէեւ զգալիօրէն աղաւաղման մտահոգիչ վիճակի մը կը մօտենայ գրաւոր եւ «պաշտօնական» հայերէնը, այսինքն պետական այրերու, հեռուստացոյցի, մամուլի, նոյնիսկ պատմաբաններու, վերլուծաբաններու եւ խօսնակներու հայերէնը։

            Բոլոր ժողովուրդներու մօտ ալ կը նկատուի առօրեական խօսքի ու գրական խօսքի միջեւ մակարդակներու եւ որակի տարբերութիւն։ Զանգուածները բոլոր դարերուն ալ երկար-բարակ չեն մտածեր եւ ճիգ չեն թափեր աւելի «մաքուր» խօսելու իրենց լեզուն։ Շատ յաճախ կը գրեն ու կ՚երգեն այնպէս ինչպէս կը խօսին։ Որպէս օրինակ բերենք մեր շատ սիրուած աշուղները, գուսանները՝ Սայեաթ-Նովա, Ջիւանի, Աշոտ եւ շատ ուրիշներ։ Պիտի ըսէք այդպէս է (էր) ժողովուրդի լեզուն եւ ժողովուրդը-զանգուածը հոծ բազմութիւններու կա՛մ անտեղեակ է եւ կամ ալ յաճախ դիւրինին ետեւէն կը վազէ։ Հո՛ս է որ մտաւորականութիւնը, կրթուած ու համալսարանական խաւը, գրողներն ու հրապարակախօս-հրապարակագիրները օգնութեան պէտք է հասնին օրինակ ծառայելով։ Վերջիններս պէտք է հսկողութիւն բանեցնեն իրենց լեզուի վրայ եւ ոչ թէ զանգուածի մակարդակին իջնել, այլ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ զայն։

            Խօսինք օրինակներով։

            Աշխարհաբարի արեւելահայ տարբերակը պատմական հոլովոյթներու բերումով դարձաւ հայ ժողովուրդի ու իրարայաջորդ հայկական իշխանութիւններու լեզուն։ Առարկութիւն բացարձակապէս չունիմ, բայց տեսնենք թէ ինչպիսի լեզու մը կը լսենք արեւելահայ հատուածէն։

            Կը միացնես հայկական (հայաստանեան) որեւէ հեռուստակայան ու կը լսես օտար բառեր՝ ընդհանրապէս ռուսաց լեզուէն, պարսկերէնէն ու թրքերէնէն փոխառեալ բառեր ու դարձուածքներ, վերջերս ալ՝  «համաշխարհայնացած անգլերէնէն», որոնք յամառօրէն կը վխտան մեր լեզուին մէջ։ Մեր ցաւը այն է, երբ տասնամեակներ «գոյութեան իրաւունք» ստանալէ ետք՝ զանգուածներու կողմէ կը նկատուին հայերէն։

            Հեռուստացոյցն ու մամուլը այն պարարտ հողը դարձած են այլեւս մեր իրականութեան մէջ, որ յաճախ կը սատարեն լեզուի աղաւաղման։

            ա.- ես ինձ մօտ եմ, կայանում է նրանում, որ…, իրենից ներկայացնում է, վրաս կը խնդայ, գոյութիւն ունեցած ըլլալը կը փաստէ, եւ այլ հարիւրաւոր նման բառակապակցութիւններ ու դարձուածքեր. այս խնդրով պէտք է զբաղին լեզուաբաններն ու հայերէնի ուսուցիչները՝ տանելով համապատասխան ծրագրաւորուած երկարաժամկէտ աշխատանք։

            բ.- (Նոր ուղղագրութեամբ) օտար, հայերէնին խորթ բառեր. փուշման եղայ, փոշմանեցի, ազիզ, բոյ, թազա, ջահէլ եւ ջահէլ ջիւան, հա՛հ…համ, կուրս (դասընթացք, լսարան, course) , կոմպոզիտոր, անսամբլ, պրեզիդենտ, պարլամենտ, դեկան, ֆակուլտետ, ֆիզկուլտուրա, սպորտ, քիմիա, բիոլոգիա, ասպիրանտուրա, լեգիտիմ, մարկետինգ, շոփինգ, սիգնալիզացիա, պրոֆեսիոնալ եւ այլն, եւ այլն։

            գ.- «Ա»յախօսութիւն (պէտք ա, ասում ա)։ Հասկնալի է, որ ժողովուրդը-զանգուածը զանազան պատճառներով էական բայի երրորդ դէմքի «է»-ի փոխարէն «ա» կ՚ըսէ, բայց որեւէ արդարացում չեմ տեսներ, երբ պետութեան առաջին դէմքէն մինչեւ լուրջ հայագէտներ, մեկնաբաններ, գրողներ ու հասարակական գործիչներ «ա»-ով կը խօսին։

            դ.- Վերջերս համատարած երեւոյթ դարձած է նաեւ հաստատական խժալուր «հա՛, հա, հա»-ն փոխանակ «այո՛, այո՛»-ի։ Օրինակ. «…ասացինք, որ հարկաւոր է հաշուի առնել, «հա՛», այն հանգամանքը, թէ…»։

Յիշենք, որ մեր խօսած լեզուն ՄԵՐ ՊԱՏԿԵՐՆ Է։

Շարունակելի  

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին