ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան իր նստավայրին մէջ ընդունեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեանը:
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ քննարկելու հայրենիքն ու Սփիւռքը յուզող հարցեր:
Ընկ. Գասարճեան պրն. նախագահին յայտնեց իր տեսակէտը Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումի հարցին շուրջ՝ շեշտելով, որ ինչպէս որեւէ որոշում, որ որոշ քննարկումներէ պէտք է բխի, Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման նման ուղղակիօրէն հայկական Սփիւռքին հետ առնչուող հարց մը լաւ պիտի ըլլար, եթէ նախ շինիչ կերպով քննարկուէր սփիւռքահայ կառոյցներու հետ՝ խուսափելու համար յետ որոշումի յառաջացած հակազդեցութիւններէն:
Հայրենիքի մէջ գործող դրամատնային համակարգի մը որպէս տնօրէններու խորհուրդի անդամ եւ սփիւռքահայ գործարար ընկ. Գասարճեան նախագահ Սարգսեանին ներկայացուց հայրենի տնտեսութեան զարգացումին հետ կապուած կարգ մը առաջարկներ:
Որպէս ատենապետ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինին՝ ընկեր Յակոբ Գասարճեան պրն. նախագահին մօտ վերաքաղ մը ըրաւ ԹՄՄ-ի անցեալի եւ ներկայի գործունէութեանց: Պրն. Նախագահը, քաջածանօթ Թէքէեան Մշակութային Միութեան հայրենիք-Սփիւռք կամրջումի դերին, դրուատիքով արտայայտուեցաւ ԹՄՄ-ի մասին, որ իր հիմնադրութենէն ի վեր, տասնամեակներ շարունակ հաւատարիմ իր առաքելութեան, միշտ յաջողած է հայրենիքի շունչն ու ոգին վար պահել սփիւռքահայ այն համայնքներուն մէջ, ուր ան գործած է: Այս ուղղութեամբ ընկ. Գասարճեան պրն. նախագահին յայտնեց, որ աշխատանք կը տարուի համաշխարհային առումով ԹՄՄ-ի վերին մարմին մը հաստատել՝ աւելի համակարգուած կերպով յառաջ տանելու իրեն վստահուած առաքելութիւնը:
Աւարտին, նախագահ Սարգսեան յաջողութիւն մաղթեց պրն. Գասարճեանին եւ իր ներկայացուցած միութեան՝ յարատեւ վերելք եւ զարգացում մաղթելով անոր ազգօգուտ գործունէութեանց: