Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ (2-4 Յուլիս 2019)

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակած Հայ Մամուլի տարուան առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ Հայ Մամուլի նուիրուած համահայկական համաժողով, 2-4 Յուլիս 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

Համաժողովը պիտի ունենայ համահայկական բնոյթ, եւ հետեւաբար համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ գործող  մամուլի գլխաւոր խմբագիրներ եւ մամուլի գործիչներ։

Համաժողովը պիտի քննարկէ հայկական լրատուադաշտին այսօրուան մարտահրաւէրները, համագործակցութեան ուղիները, արդիական մեթոտները, տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրները, ապատեղակատուութեան յարուցած դժուարութիւնները, ընկերային ցանցերու ունեցած դերը՝ լրատուական աշխարհին վրայ, հայ տպագիր մամուլին այսօրուան տագնապները, հայապահպանման առաքելութեան վերաիմաստաւորումը եւ միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորման նպաստող գործնական աշխատանքները։

Մամուլի այն գործիչները, որոնք կ՛ուզեն ներկայ ըլլալ համաժողովին, պէտք է իրենց դիմումը ուղարկեն Կաթողիկոսարան, մինչեւ 15 Ապրիլ, հետեւեալ հասցէին՝ info@armenianorthodoxchurch.org։ Անհրաժեշտութեան պարագային կրնան կապ հաստատել Տիար Խաչիկ Տէտէեանին հետ (հեռաձայն՝ +961 4 410001)։ Մասնակցութեան հաստատման պարագային, Կաթողիկոսարանը կը ստանձնէ մասնակիցներուն օդակայանէն դիմաւորումը, ժողովավայր փոխադրութիւնն ու կեցութիւնը (2, 3, 4 Յուլիս 2019)։ Ճանապարհածախսը կը հոգան մասնակիցները։

Համաժողովի օրակարգի եւ այլ մանրամասնութիւններուն մասին յաջորդաբար տեղեակ պիտի պահենք մասնակիցները։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Տեղեկատուական Բաժանմունք

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին