Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Իպրահիմ Կոչ Կ’ընէ Գաղթականութեան Կամաւոր Տունդարձին՝ Առանց Սպասելու Սուրիոյ 8-ամեայ Հակամարտութեան Քաղաքական Լուծումին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտարարեց, որ ինք կողմնակից է Լիբանան հաստատուած աւելի քան 1 միլիոն սուրիացի գաղթականութեան կամաւոր ու ապահով տունդարձին՝ առանց սպասելու Սուրիոյ 8-ամեայ հակամարտութեան քաղաքական լուծումին: Այս մասին կը տեղեկանանք «Ալ Ախպար» տեղական օրաթերթի հրապարակած հաղորդագրութենէն:
Ան աւելցուց, որ երկու իրարամերժ կարծիք կայ տուեալ հարցին շուրջ. ոմանք կողմնակից են գաղթականութեան թէկուզ ոչ կամաւոր տունդարձին, իսկ ուրիշներ կամաւոր տունդարձը կը պայմանաւորեն Սուրիոյ հակամարտութեան քաղաքական լուծումով: Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավարը ընդգծեց, որ ինք կողմնակից է միաժամանակ թէ՛ ապահով եւ թէ՛ կամաւոր հայրենադարձութեան՝ առանց վերջինս կապելու հակամարտութեան քաղաքական լուծումին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին