Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հայաստանի Մէջ Յեղափոխութիւնը Պաքուն Ծանր Դրութեան Մատնած Է. BBC

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախաձեռնած քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական բարեփոխումներու նմանակումին:

Թուարկելով երեւութական բարեփոխումներու պատճառները՝ հեղինակը կ՛ընդգծէ շրջանային գործընթացներու, յատկապէս՝ Հայաստանի մէջ ապրիլեան իրադարձութիւններուն ազդեցութիւնը:

«Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը եւ իշխանափոխութիւնը ծանր դրութեան մէջ դրած են Պաքուն, ուր չէին սպասեր դրացի երկրին մէջ այսպիսի զարգացումներու, նկատի ունենալով Երեւանի՝ Ռուսիայէն ուժեղ կախուածութեան հանգամանքը»,- ըստ “Ասպարէզ”-ի՝ կը նշուի հրապարակման մէջ:

Նշուած է նաեւ, որ Հարաւային Կովկասի երկիրներու քաղաքականութեան մէջ առաջուան պէս կարեւոր գործօն է շրջանին մէջ առաջինը ըլլալու եւ Արեւմուտքի աչքին «կարեւոր գործընկեր»ի դերը ստանձնելու մրցակցութիւնը:

«Եթէ նախապէս Ատրպէյճան ինքնիրեն կը համարէր Հարաւային Կովկասի առաջատարը Արեւմուտքի ապահովութեան շահերուն (առաջին հերթին քարիւղի եւ հաղորդակցութեան) սպասարկման տեսանկիւնէն, ներկայիս քարիւղի համաշխարհային շուկայի իրավիճակի փոփոխութեան պայմաններուն մէջ, ուժանիւթի նախագիծերը կորսնցուցած են իրենց կարեւորութիւնը: Ատիկա կը նշանակէ, որ արտաքին գործօններու կարեւորութիւնը իշխանութեան օրինականութեան մէջ կը տկարանայ է, եւ երկիրին առաջնորդը ստիպուած է դիմելու հասարակութեան՝ իր իշխանութիւնը ամրապնդելու համար», – կ՛ըսուի BBC-ի յօդուածին մէջ:

Այնտեղ կը նշուի նաեւ, որ ներքին աջակցութիւնը կարեւոր է Ատրպէյճանի համար նաեւ այն պատճառով, որ անիկա «անմիջականօրէն կ՛անդրադառնայ Ատրպէյճանի ապահովութեան ամենակարեւոր հարցին՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վրայ»:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին