Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Փոքրիկ «Միջատները» Պարեցին Ու Երգեցին Մանկապարտէզին Մէջ (լուսանկարներ)

Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս 

Ուրբաթ, 15 Մարտ 2019-ին Վահան Թէքէեան վարժարանի  մանկապարտէզի աշակերտներուն ծնողներն ու հարազատները հրաւիրուած էին վայելելու իրենց համար պատրաստուած փոքրիկ հանդէսը, որուն հերոսները մանկամսուրի, բողբոջի, կոկոնի եւ ծաղիկ դասարանի աշակերտներն էին։ Բոլորիս ծանօթ է փոքրիկներու  սէրն ու գուրգուրանքը միջատներու եւ կենդանիներու նկատմամբ, եւ ահա այս անգամ իրենք մէկական միջատներու վերածուելով հանդէս եկան «Միջատներ» խորագրով ներկայացումով մը։

Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգերը ունկնդրելէ ետք մանկապարտիզպանուհի տիկ․Վերա Հաննա բացման խօսքով մը բարի գալուստ ու բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն։ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին ծաղիկներու ու զատկաճճիի պարը, նաեւ արաբերէն լեզուով երկխօսութիւն մը թիթեռնիկի մասին։ Կոկոն դասարանը ներկայացուց մեղուներու (հայերէն), ապա մրջիւններու (արաբերէն) պարեր, ինչպէս նաեւ երգ եւ արտասանութիւններ՝ «Մեղուները» (հայերէն) ու «Մրջիւնները» (անգլերէն)։ Իսկ մանկամսուրը եւ բողբոջը միասնաբար արտասանեցին զատկաճճիներու մասին անգլերէն լեզուով եւ պարեցին թիթեռնիկներու պարը։

Յայտագրի աւարտին տնօրէնուհի տիկ. Կալինա Նաճարեան սրտի խօսքը յայտնելով ըսաւ. «Տօնական ու պայծառ տրամադրութեամբ, քիջ առաջ մեր ժիր ու կայտառ փոքրիկները մեծ ուրախութեամբ հանդէս եկան մեր բոլորին առջեւ՝ արտասանելով, երգելով ու պարելով թէ՛ հայերէն եւ թէ՛ օտար լեզուներով, ապացուցելով, որ իրենք ալ միջատներու նման աշխատասիրութեան մթնոլորտին մէջ կ’ամբարեն առողջ մտքի, հոգիի ու մարմնի անհրաժեշտ աւիշը իրենց դպրոցական օրերուն»։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն անոնց քաջալերանքին ու նիւթաբարոյական օժանդակութեան համար՝ խոստանալով ընել լաւագոյնը, արձանագրելով յարատեւ յաջողութիւններ վարժարանիս, ինչպէս նաեւ առաջնորդելով զայն դէպի նորանոր բարձրունքներ։

Հանդէսի աւարտին կատարուեցաւ համեստ հիւրասիրութիւն մը։

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի

Լրատուական Գրասենեակ

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին