«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանի՝ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններու գործընթացը կը սկսի Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի մահուան քառասունքէն ետք, կը հաղորդէ “Թերթ”-ը:
«Պոլսոյ պատրիարքի աթոռի թեկնածուներուն մէկ մասը նախորդ անգամ հրաժարած էին մասնակցելէ ընտրութիւններուն: Հիմա ալ դժուար է ըսել, թէ անիկա ի՛նչ ընթացք պիտի ստանայ: Մինչեւ թեկնածուներուն առաջադրուիլը, նախ նամակ պէտք է ուղարկուի անոնց՝ պարզելու համար, թէ անոնք պիտի մասնակցի՞ն ընտրութիւններուն: Իսկ մինչ այդ պէտք է Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններ կատարուին: Կրօնական ժողովը պէտք է տեղապահ ընտրէ, եւ այդ տեղապահը պէտք է կազմակերպէ ընտրութիւնները», ըսաւ Էսդուգեան:
Պոլսոյ պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթէշեանի թեկնածութեան անդրադառնալով, Էսդուգեան նկատեց, որ ան ինքզինք արդէն «մաշած է» վերջին զարգացումներուն ընթացքին: «Բայց ան ալ իր կողմնակիցները ունի», ըսաւ ան:
Խօսելով մէկ այլ հաւանական թեկնածուի՝ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեանին մասին՝ Էստուկեան նշեց, որ ան խոստումնալից է եւ թէ ան հաւանաբար հանդիպի պոլսեցի իր համակիրներուն հետ:
«Կը Կարծեմ, որ մրցակցութիւնը կ՛ըլլայ այս երկուքին միջեւ», ըսաւ Էսդուգեան:
Պոլսահայ խմբագիրը նկատեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը փորձեն միջամտել ընտրական գործընթացին, կը փորձեն աջակցիլ իրենց համար ցանկալի թեկնածու Արամ Աթէշեանին:
«Բայց ժողովուրդն է, որ պէտք է որոշէ, թէ որուն կ՛ուզէ ընտրել», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները, ըստ Էսդուգեանի կրնան խոչընդոտներ, սահմանափակումներ ստեղծել թեկնածուներուն համար, որ վստահաբար մեծ աղմուկ կը յառաջացնէ:
«Կրնան ըսել, որ ընտրութիւններուն կրնան մասնակցիլ միայն Թուրքիոյ մէջ ծնած եւ ծառայած հոգեւորականները: Իսկ ատիկա արդէն հարց է: Եթէ նման բան պարտադրուի, արդէն տեղի ունեցողը ընտրութիւն կարելի չէ անուանել», ըսաւ Էսդուգեան:
Հայ համայնքը, ըստ Էսդուգեանի, հիմա պատրիարք ընտրելով՝ կ՛ուզէ իր արժանապատուութեան հարցը լուծել: «Հայու արժանապատուութիւնը բարձր պահող պատրիարք պէտք է ունենանք: Այսինքն՝ կառավարութեան, մամուլին առջեւ հայու արժանապատուութիւնը բարձր պահող պատրիարքի կարիքը ունինք», եզրակացուց ան: