«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի խորհրդարանը ընդհանուր ժողովի հրաւիրեց յառաջիկայ Չորեքշաբթի, 27 Մարտին: Ինչպէս կը տեղեկանանք խորհրդարանի նախագահի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն, 27 Մարտին նախատեսուած ժողովին տեղի պիտի ունենայ օրէնսդիրներուն եւ նախարարաց խորհուրդի անդամներուն նիստը՝ հարց ու պատասխանի ձեւաչափով:
Սա խորհրդարանի երկրորդ նիստն է՝ ընթացիկ տարուան Յունուար 31-ին կառավարութեան կազմաւորումէն ետք: Պըրրի նախապէս յայտարարած էր, որ խորհրդարանը պիտի հանդիպի Մարտ ամսուան երկրորդ կէսին՝ դիտարկելու եւ վերանայելու նախարարաց խորհուրդի աշխատանքները: