ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կու գայ յայտնել, թէ 22 – 31 Մարտ 2019-ի միջեւ նախատեսուած, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին ներկայացումը ժամանակաւորապէս յետաձգուած է, բեմադրիչ Յարութիւն Գնդունիի զաւկին անժամանակ մահուան պատճառով:
Այս տխուր առիթով, Համայն ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի ընտանիքին անունով մեր խորազգած ցաւակցութիւնը կը յայտնենք ողբացեալին հօր՝ բեմադրիչ Յարութ Գնդունիին, ընտանեկան բոլոր պարագաներուն եւ հարազատներուն:
ՀԵԸ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ