«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան Մարտ 20ին ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Մարտ 26-28 Հայաստան պիտի այցելէ ԵԽԽՎ նախագահ Լիլիա Մորի-Պասքիէն:
ԱԳՆ խօսնակը տեղեկացուցած է, որ հանդիպումներ նախատեսուած են ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ։
Մարտ 19-ին Երեւանի աւագանին որոշում ընդունած է Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի միջանկեալ հատուածին մէջ գտնուող հրապարակը Եւրոպայի խորհուրդի կամ Եւրոպայի հրապարակ անուանակոչելու մասին:
Հրապարակի բացման արարողութիւնը կը նախատեսուի Լիլիա Մորի-Պասքիէի այցի ընթացքին: