Գ.Մ.Գ.Մ.-ի Դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2019-ի նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Մրցանակը կ՚ընդունի գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ, կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ լոյս չտեսած գործեր՝ առ ի գնահատում եւ հրատարակութիւն:
Գրական, իմաստասիրական, պատմական, եկեղեցագիտական, բանասիրական եւ Հայ Մշակոյթի այլ կալուածներուն վերաբերող գործերը, հայերէն կամ օտար լեզուներով գրուած, պէտք է Դատակազմին ամենէն ուշը հասած ըլլան մինչեւ 30 Ապրիլ 2019:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՚արժանանան հրատարակութեան:
Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ Դատակազմին մաս կը կազմեն՝ Տեարք Ժիրայր Դանիէլեան(ատենապետ), Կարօ Յովհաննէսեան, Յակոբ Պալեան, Նազարէթ Պէրպէրեան եւ Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան:
Դիւան Գ.Մ.Գ.Մ.-ի Դատակազմի
Հասցէ՝
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O.Box 70317
Antelias – Lebanon
E-Mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org
Ծանօթ՝ Դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակներուն չեն վերադարձուիր։
Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել
բնագրի լեզուին եւ ուղղագրութեան։
Խնդրանք՝ Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել։