Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Առանց Ծանուցումի Ատրպէյճանի Ձեռնարկած Լայնածաւալ Զօրավարժութիւնները Միջազգային Պարտաւորութիւններու Խախտում է. ՀՀ ԱԳՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ատրպէյճանի կողմէ առանց համապատասխան ծանուցման յարձակողական բնոյթի լայնածաւալ զօրավարժութիւններու իրականացումը ԵԱՀԿ գործիքակազմով նախատեսուած միջազգային պարտաւորութիւններու խախտում է: Ան որեւէ ձեւով չի նպաստեր տարածաշրջանին մէջ վստահութեան  մթնոլորտի ամրապնդման: Մարտ 20-ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսաւ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան` անդրադառնալով «Արմենփրես»-ի այն  հարցումին, թէ ԱԳՆ-ն ինչպէ՞ս կը վերաբերի Ատրպէյճանի կողմէ յարձակողական բնոյթի լայնածաւալ զօրավարժութիւններուն իրականացմանան:

«ԵԱՀԿ-ի մէջ մեր ներկայացուցչութիւնը այս հարցը բարձրացուցած է նաեւ ԵԱՀԿ շրջանակին մէջ եւ Ատրպէյճանէն համապատասխան բացատրութիւն պահանջած»,- ըսած է Նաղդալեան:

Անդրադառնալով հարցումին, թէ ԱԳՆ-ն ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի կողմէ նոր զօրակայանի տեղակայումը` ԱԳՆ խօսնակը ընդգծած է, որ ատիկա նոյնպէս չի նպաստեր տարածաշրջանին մէջ վստահութեան մթնոլորտի ամրապնդման : «Ե՛ւ Արցախը, ե՛ւ Հայաստանը ունին վճռականութիւն եւ կարողութիւն պաշտպանուելու եւ հակահարուած հասցնելու: Այս հարցը ոեւէ մէկը կասկածի տակ թող չդնէ, որովհետեւ այդ վճռականութեամբ պայմանաւորուած  է նաեւ մեր յանձնառութիւնը` քայլեր ձեռնարկել խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ»,- նշած է ան:

Անդրադառնալով Մատրիտեան սկզբունքներու վերաբերեալ Հայաստանի եւ Արցախի դիրքորոշման մասին Նաղդալեան ըսաւ, որ Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ այս հարցի շուրջ չկան հակասութիւններ, կան հարցեր։

Հայաստանի եւ Ադրբեջանի ղեկավարներու հանդիպումներու մասով կայ սկզբունք, որուն մենք կը հետեւինք: «Դեռ այն փուլը չէ, որ համաձայնեցուած կարգով յայտարարենք հանդիպման մասին,- ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մշտական կապի մէջ է միջնորդներու հետ եւ կ՛աշխատի այդ ուղղութեամբ,- մենք բարձր կը գնահատենք միջնորդներու` խնդրի հանգուցալուծմանն ուղղուած ջանքերը»:

Լրագրողներու դիտարկման, թէ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան յայտարարած էր, որ պէտք է վերանայիլ Մատրիտեան սկզբունքները, արդեօք այս դիրքորոշումը կը համընկնի՞ Հայաստանի դիրքորոշման հետ, Նաղդալեան պատասխանեց.

«Պարոն Մայիլեան յայտնած է` որպէս Արցախի ներկայացուցիչ, իսկ Արցախը առանձին քաղաքական միաւոր է, ունի իր կողմէ ընտրուած իշխանութիւնը, ունի իր տեսակէտը, եւ ան արտայայտած է իր կարծիքը` որպէս Արցախի ներկայացուցիչ»:

Ըստ անոր` Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ այս հարցի շուրջ չկան հակասութիւններ, կան հարցեր, եւ մենք միշտ կը համագործակցինք արցախեան մեր գործընկերներուն հետ: «Սա շրջանակն է այն հարցերուն, որոնց մասին մշտական երկխօսութեան մէջ ենք Արցախի հետ»,- ըսաւ ան:

Ատրպէյճանի իր գործընկերոջ հետ հանդիպման օրակարգի մասին, ըստ Աննա Նաղդալեանի, Նիկոլ Փաշինեան արդէն խօսած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ժամանակ: «Հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ անոր, թէ ինչպէս կը մեկնաբանեն փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած սկզբունքներն ու դրոյթները, որոնք վկայակոչուած էին նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ»,- ըսած է ան:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին