Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

«Խաչիկ Պապիկեան» Միջաշակերտական Մրցանքները Սկիզբ Առին

Շաբաթ, 16 Մարտ 2019-ի յետմիջօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ սկիզբ առաւ 2018-2019 տարեշրջանի «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներու տասներորդ տարուան առաջին մրցանքը՝ ասմունքի Ա. փուլը, մասնակցութեամբ 45 աշակերտներու: Ասմունքի Բ. եւ եզրափակիչ մրցանքը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 6 Ապրիլին:

Ինչպէս ծանօթ է, մրցանքները կ’ընդգրկեն երեք մարզեր.

ա.  Հայ լեզու եւ գրականութիւն

բ.   Հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ եւ կրօնք: Այս տարին մամուլին նուիրուած ըլլալով՝ կարեւոր բաժին մըն ալ  յատկացուած է հայկական տպագրութեան եւ մամուլին:

գ.   Ասմունք

Մրցանքները տեղի կ’ունենան երկու մակարդակով՝ միջնակարգ եւ երկրորդական:

23 Մարտին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան գոլէճի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հայ լեզուի եւ գրականութեան մրցանքը, իսկ 30 Մարտին՝ Հայոց պատմութեան մրցանքը:

Այս տարուան մասնակիցներուն ընդհանուր թիւն է 118, իսկ մասնակից դպրոցներունը՝ 17:

 

ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին