«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթ վերահաստատեց կուսակցութեան ամբողջական աջակցութիւնը Լիբանան բնակութիւն հաստատած աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներու հայրենադարձութեան Ռուսիոյ Դաշնութեան ծրագիրին՝ ընդգծելով գործընթացի ապահովութեան հրամայականը:
«Գաղթականութիւնը ինչ-որ չափով կը վախնայ առկայ իրադրութենէն,- սուրիացի գաղթականներու ներգաղթին շուրջ ԸՅԿ-ի կազմակերպած խորհրդաժողովին ըսաւ կուսակցութեան առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ շարունակեց:- Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ գաղթականութեան տունդարձը՝ երախշաւորելով սպանութեանց անհաւանակութիւնը»,- ԸՅԿ-ի հաղորդագրութեան համաձայն հարց տուաւ ան:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը 2018-ի Յուլիսին յայտարարեց եւրոպական երկիրներէն եւ տարածաշրջանէն սուրիացի գաղթականութեան ներգաղթի ծրագիրը, ինչը համակարգելու նպատակով Սեպտեմբերին կազմուեցաւ երկու կառավարութիւններու համատեղ յանձնաժողովը: Այնուամենայնիւ, վերջինս տակաւին նշանակալի աշխատանք մը չէ տարած այս ուղղութեամբ: