Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ամրապնդէ Աջակցութիւնը Հայաստանի Կրթական Ոլորտին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ-  Երէկ յայտարարուած է ԵՄ-Հայաստան կրթութեան ոլորտի բարեփոխումներու շուրջ երկխօսութեան եւ նոր կրթական կեդրոնի մեկնարկի մասին, որ պիտի նախապատրաստէ գիտութեան ոլորտի ուսանողներ եւ երիտասարդ մասնագէտներ` աշխատաշուկայի համար:

Երկխօսութեան մեկնարկը այսօր յայտարարած են Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու գլխաւոր տնօրինութեան հարեւանութեան հարցերով տնօրէն Լոուրենս Մերետիթը եւ Ուսուցման եւրոպական հիմնադրամը:

Լոուրենս Մերետիթի եւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հանդիպած ժամանակ ուրուագծուած են կրթութեան ոլորտի հիմնական խնդիրներու համար անհրաժեշտ լուծումները:

Բացի այդ, Մերետիթ, «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի հետ համատեղ, պիտի յայտարարէ ԵՄ ԹՈՒՄՕ արհեստագիտական եւ կիրառական գիտութիւններու համալիր ծրագրի մեկնարկը:

Եւրոպական Միութեան կողմէ ֆինանսաւորուող նորաստեղծ կեդրոնի նպատակն է բարձրացնել կրթութեան որակը Հայաստանի մէջ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան (STEM) բնագաւառներուն մէջ:

«Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը երիտասարդներուն Հայաստանի հետ համագործակցութեան առանցքային ուղղութիւններէն է, որը Արեւելեան գործընկերութեան զարկերակն է: Ապահովելով ուսումնառութեան, աշխատանքի եւ հասարակութեան լիարժէք  մասնակից ըլլալու համար անհրաժեշտ պայմաններ երիտասարդներու համար, մենք կ՛օգնենք անոնց իրացնել առկայ ներուժը եւ դառնալ ապագայ առաջնորդներ եւ ձեռներէցներ»,- ըսած է Մերետիթ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին