«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն կոչ ըրաւ ժողովուրդին՝ անխափան պայքարելու երկրի տնտեսութեան բարելաւումին համար, աւելցնելով, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարը տակաւին երկար ճամբայ ունի կտրելիք: Այս մասին նախագահ Աուն ըսաւ Պաապտայի նախագահանիստ պալատին մէջ Լիբանանի տնտեսական վիճակի բարելաւումին միտուած ազգային քարոզարշաւի մեկնարկին:
Աուն կոչ ըրաւ նաեւ աջակցելու տեղական ձեռնարկութիւններուն եւ արտադրանքներուն՝ յանուն տնտեսութեան յառաջընթացին ու զարգացումին:
Քարոզարշաւի մեկնարկին ներկայ էին հեռահաղորդակցութեան նախարար Մուհամմատ Շուշեյր ու Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս: