Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Ո՞վ Է Լեքս Նաճարեանը

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Ամէն անգամ որ հայ մը փայլի՝ որպէս մարզիկ, արուեստագէտ կամ քաղաքական գործիչ, հայրենի թէ օտար երկնակամարի տակ մեր սրտերը կը լեցուին հպարտութեամբ եւ անհուն գոհունակութեամբ եւ մենք կ’ուզենք տարածել այդ լուրը համայն հայութեան, որպէսզի իրենք ալ բաժնեկից դառնան մեր ուրախութեան։

Ահաւասիկ այդ վերջին աստղերէն մին է Լեքս Նաճարեանը, որ կ’ապրի Նեպրասքա նահանգի Լինքըն քաղաքը։ Լեքս Նաճարեան 2012-ին աւարտած է երկրորդական վարժարանը եւ 2017-ին՝ համալսարանը՝ ստանալով պսակաւոր արուեստից տիտղոսը հոգեբանութեան ճիւղին մէջ։

Լեքս Նաճարեան (տե՛ս նկարը) այս տարուան Յունուար ամսուն ընտրուած է Նեպրասքա նահանգի գեղեցկութեան թագուհի (Miss Nebraska) եւ առ այդ պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու գեղեցկութեան թագուհիի մրցոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան ընթացքին Լուիզիանա նահանգի Շրեվըփորթ-Պոսիէ (Shreveport-Bossier) քաղաքը:

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ Լեքս Նաճարեան կը սերի ազգային բարերարի մը ընտանիքէն։ Արդարեւ, Լեքսի մեծհօր՝ Սարգիսի մեծ հայրը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ նոյնինքն խարբերդցի Լազար Նաճարեանը, որուն նիւթական օժանդակութեամբ հիմնուած է Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան նախակրթարանը 1954 թուականին։

1959 թուականին այդ նախակրթարանին աւելցաւ երկրորդական բաժին մըն ալ՝ նիւթական օժանդակութեամբը Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի հայկական բաժանմունքին, եւ դպրոցը վերանուանուեցաւ ՀԲԸՄիութեան Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարան, որ տակաւին գործօն է Հալէպ քաղաքին մէջ։

Գալով Լեքս Նաճարեանի մեծհօր՝ Սարգիսի կենսագրութեան՝ ան ուսանեցաւ բժշկութիւն եւ դարձաւ նշանաւոր վիրաբոյժ՝ մասնագիտանալով երիկամի, շարոյրի եւ լեարդի պատուաստումին (transplant) մէջ՝ հաստատուելով Մինիսոթա նահանգը։ Ինչո՞ւ այս մասնագիտութիւնը. որովհետեւ իր հայրը՝ Կարապետը, շատ հիւանդ էր, երբ ինք կը մեծնար, որ դժբախտաբար մահացաւ 56 տարեկանին, մինչ Կարապետի հայրը՝ բարերար Լազար Նաճարեանը, ապրեցաւ 93 տարի։

Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը 2018-ի՝ Միացեալ Նահանգներու գեղեցկութեան թագուհին ընտրուած էր Նեպրասքա նահանգէն եւ կը կոչուէր Ռոզ Սամըրզ։ Մեր մաղթանքն է որ հայազգի Լեքս Նաճարեան ոչ միայն ընտրուի Միացեալ Նահանգներու գեղեցկութեան թագուհին, այլեւ Տիեզերքի գեղեցկութեան թագուհի (Miss Universe), որ տեղի պիտի ունենայ այս տարի Թայլենտի Պենքոք մայրաքաղաքը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին