Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Մարոնի Համայնքի Պատրիարքը Կը Դատապարտէ Նիւ Զելանտայի Մէջ Տեղի Ունեցած Ահաբեկչութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռաաի դատապարտեց Նիւ Զելանտայի մէջ տեղի ունեցած յարձակումը՝ զայն բնութագրելով որպէս ակաբեկչութիւն: Այս մասին կը տեղեկանանք ազգային լրատուական գործակալութեան հրապարակած հաղորդագրութենէն:
Պքերքէի մէջ իր կիրակնօրեայ քարոզին ընթացքին մարոնի պատրիարքը կոչ ըրաւ տարածելու սիրոյ եւ խաղաղութեան լեզուն եւ նման թեմաներու մօտենալու ամենայն արդարութեամբ, բարձր գիտակցութեամբ ու հասկացողութեամբ:
Նշենք, որ աւստրալացի ծայրայեղ աջակողմեան զինեալի՝ Նիւ Զելանտայի մէջ երկու մզկիթներու վրայ յարձակումին զոհ գնաց 50 հոգի:
Այս տխուր առիթով Լիբանանի Հանրապետութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի գրառում կատարեց Twitter-ի էջին վրայ՝ ըսելով. «Բառերը անզօր են արտայայտելու մեր մեղադրողական դիրքորոշումը՝ ի տես այս ահաբեկչական գործողութեան: Ես՝ Հանրապետութեան վարչապետս, Լիբանանի անունով մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ահաբեկչութեան զոհերուն:    

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին