16 Մարտ 2019-ին Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար պարոն Գրիգորի Մարտիրոսեանի այցը սկսաւ Պէյրութ, Լիբանան: Պետական նախարարին կ’ընկերակցի Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար պարոն Գագիկ Մարտիրոսեան:
Պետական նախարար Մարտիրոսեանի առաջին հանդիպումը եղաւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան պարոն Վահագն Աթաբեկեանի եւ ՀՀ դեսպանատան աշխատակազմին հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ «Արցախ ռութց ինվեսթմընթ» ներդրումային ծրագիրներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ պարոն Բենիամին Պչաքճեանը, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ պարոն Կարօ Քեպապճեան:
Ապա Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարը ՀՀ դեսպանատունէն ներս տեսակցեցաւ հայ աւանդական երեք կուսակցութիւններու՝ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ), Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ընթացքին ներկաները քննարկեցին Արցախի մէջ վերջին զարգացումները եւ հայկական սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը Արցախի հզօրացումի աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ գործակցութեան զանազան հնարաւորութիւնները:
Սոյն հանդիպումէն ետք, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի օգնութեան խաչի (ԼՕԽ), Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) Լիբանանի եւ կեդրոնական վարչութեան, Համազգային մշակութային միութեան Լիբանանի եւ կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց հետ քննարկեց Արցախի հասարակական, քաղաքացիական եւ մարզամշակութային ոլորտներուն մէջ եղած վերջին զարգացումները:
Արցախի պետական նախարար պարոն Գրիգորի Մարտիրոսեան բարձր գնահատեց Լիբանանի հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու հայրենանուէր աշխատանքն ու հայրենիքին եւ հայութեան սատարելու անոնց պատրաստակամութիւնը: Աւարտին, պարոն Մարտիրոսեան յուշանուէրներ յանձնեց ներկայացուցիչներուն: