«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ազգային ազատ հոսանք շարժումի առաջնորդ Ժպրան Պասիլ յայտարարեց, որ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն պատրաստուելու եւ երկրի ղեկավարութիւնը ստանձնելու իր նպատակաուղղուածութեան մասին յարադէպ խօսակցութիւնները կը միտին վիրաւորելու կուսակցութիւնը, նախագահը եւ երկիրը:
Խօսելով ԱԱՀ-ի խորհրդաժողովին՝ կուսակցութեան առաջնորդը բացասեց նման հաւանականութիւն մը՝ սա անարգական վերաբերում համարելով ուղղակի երկրի գործող նախագահ Միշէլ Աունին:
«Ես նման ձգտումներ չունիմ, եւ այն խօսակցութիւնները, թէ ես կը ձգտիմ երկրի նախագահի պաշտօնին, անարգանք է ոչ միայն կուսակցութեանս, այլ նաեւ նախագահին եւ ընդհանրապէս երկրին»,- ըսաւ ան:
Պասիլ նշեց նաեւ, որ ԱԱՀ-ը օրինակացումը ստացած է ժողովուրդի աջակցութենէն, աւելցնելով, թէ ինք անձնապէս պիտի չթոյլատրէ, որ Լիբանանի մէջ կաշառակերութիւնը ներս թափանցէ իր կուսակցութենէն: