«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ահաբեկիչ զինեալներ կրակ բացած են Նիւ Զելանտայի Կրայսթչըրչ քաղաքին մէջ գտնուող երկու մզկիթներու մէջ։
Այս մասին լուրը առաջինը հաղորդեց «Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը, նշելով նաեւ որ ահաբեկչութիւնը գործուած է քաղաքի «Ալ Նուր» եւ « Լինուոտ» մզկիթներուն մէջ։
Նիւ Զելանտայի Քրայսթչերչ քաղաքի մզկիթներուն մէջ հրաձգութեան զոհերուն թիւը հասած է 49-ի: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Մարտ 15-ին յայտնած է Նիւ Զելանտայի ոստիկանութեան կոմիսար Մայք Պուշը: «Այդ հրէշաւոր իրադարձութեան հետեւանքով զոհուած մարդոց թիւը 49 է»,- յայտարարած է ան մամուլի ասուլիսին, որ կը հեռարձակուէր «NZ Herald» թերթի կայքին մէջ: Ոստիկանութեան կոմիսարին խօսքով՝ 41 հոգի սպանուած է Ալ Նուր մզկիթը, իսկ եօթը հոգի ալ՝ Լինուուտ մզկիթը:
Ան նաեւ յայտնած է, որ տուժածներէն մէկը մահացած է հիւանդանոցը: Աւելի կանուխ, Նիւ Զելանտայի վարչապետ Ճասինտա Արտեռնը յայտարարած է, որ մզկիթներուն մէջ հրաձգութեան հետ կապուած երկու միջադէպերն ալ ահաբեկչական գործողութիւն են: «Այժմ պարզ է, որ այդ յարձակումները կարելի է բնութագրել որպէս ահաբեկչութիւն»,- ըսած է ան: Մզկիթին վրայ կատարուած գրոհէն ետք ձերբակալուած է չորս հոգի՝ երեք տղամարդ եւ մէկ կին: Հրաձիգներէն մէկը՝ աւստրալական ծագումով 28-ամեայ Պրենթոն Թարանտը, 17 վայրկեան տեսահաղորդում վարած է նախքան մզկիթին մէջ մարդոց վրայ կրակելը:
Պատահարէն առաջ ան գրած է 37-էջնոց հռչակագիր մը, ուր բացատրած է, թէ ո՛վ է ինքը եւ ինչո՛ւ հրաձգութիւն իրականացուցած է Քրայսթչերչի մզկիթը: Նիւ Զելանտայի ոստիկանութիւնը դիմած է երկրի բոլոր մզկիթներուն աշխատանքը ժամանակաւորապէս դադրեցնելու խնդրանքով: Զինուած մարդիկ հարեւանութեամբ գտնուող Ալ Նուր եւ Լինուուտ մզկիթներ մտած են տեղական ժամանակով մօտաւորապէս 13.45-ին ցերեկային աղօթքէն անմիջապէս ետք եւ փակած դռները: Ականատեսները կը յայտնեն, որ գրաւումի պահուն մզկիթներուն մէջ եղած է մօտաւորապէս 200 եւ 300 հոգի համապատասխանաբար: Անկէ ետք կրակոցներ հնչած են: Հրաձգութենէն ետք մզկիթներու մերձակայքը կայանուած մեքենաներուն մէջ յայտնաբերուած են մի քանի ինքնաշէն պայթուցիկ սարքեր, որոնցմէ ոչ մէկը գործի չէր դրուած, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը: