Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Հայերը Ինչ Ուտեն-Չուտեն, Կը Վերջանայ Խորովածով․ Հարցազրոյց Պարսկահայ Խոհարար Արպի Ղարախանիի Հետ (տեսերիզ)

Հայրենադարձները Կը Պատմեն – 4-

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

 

«Զարթօնք» օրաթերթի «Հայրենադարձները կը պատմեն…» շարքի հերթական հերոսը 2012 թուականէն Հայաստան բնակող խոհարար, «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացում ու պահպանում»-ի ՀԿ փոխնախագահ Արպի Ղարախանին է, որ  Երեւանի մէջ կը զբաղի խոհարարութեամբ, աշխատած է բարձրակարգ հիւրանոցներու եւ ճաշարաններու մէջ, կը մասնակցի տարբեր հեռուստանախագիծերու, որոնցմէ վերջինը «Շանթ» հեռուստաընկերութեամբ հեռարձակուող «Մամայի եփածն ուրիշ է» նախագիծն է։ Նախագիծին մէջ Ղարախանին հանդէս կու գայ որպէս ժիւրի։ Արպիի հետ զրուցած ենք տարբեր թեմաներու մասին, Հայաստան տեղափոխուելու պատճառներուն, հայրենիքի մէջ ունեցած դժուարութիւններուն մասին եւ այլն։

– Արպի, շնորհակալ եմ հարցազրոյցին համար։  Նախ կը խնդրէի, որ պատմէք ձեր մասին։ Ո՞ւր ծնած, ապրած ու սորված էք, ինչո՞ւ որոշեցիք տեղափոխուիլ Հայաստան։

– Շատ շնորհակալ եմ: Հաճելի է գտնուիլ ձեր քով։ Ես ծնած եմ Թեհրան քաղաքը։ Մեծցած ու սորված եմ այդտեղ: Այնուհետեւ 17 տարեկանէն տեղափոխուած եմ Հնդկաստան՝ ուսումս շարունակելու։ Բացի խոհարարութենէն, որ երկրորդ մասնագիտութիւնս է, համակարգիչի եւ շուկայադրումի մասնագէտ եմ։ Աշխատանքի բերումով այցելած եմ աշխարհի տարբեր երկիրներ։ Հնդկաստան երկար տարիներ աշխատած եմ: Այդտեղ ունեցած եմ իմ առեւտուրս։ Ունէի սրճարան, արտադրամաս, կ’արտադրէինք հրուշակեղէն, տարբեր տեսակի թխուածքներ եւ որպէս երկրորդ խոհանոց էինք բարձրակարգ հիւրանոցներու համար: Միջոցառումներու ժամանակ կը գործակցէինք իրենց հետ։ Օր մը, երբ կնոջս հետ կը զրուցէինք Հայաստանի մասին, իրեն ըսի, որ եկո՛ւր-երթանք Հայաստան։ Յետոյ զղջացի, բայց այդ միտքը սկսաւ աճիլ, աճիլ ու որոշեցինք տեղափոխուիլ։ Այդտեղ ամէն ինչ վաճառեցինք ու տեղափոխուեցանք հոս։ Մինչեւ Հայաստան գալս, ունէի աշխատանքային առաջարկներ՝ որպէս խորհրդատու հիմնականօրէն քրուասաններու ու հացի արտադրութեան ոլորտին մէջ։ Ամէն ինչ իրարու հետ դասաւորուեցաւ՝ առանց դժուարութեան։ Ես եկած եմ, մէկ շաբաթ հանգստացած եմ Երեւան ու սկսած եմ աշխատիլ։ Սկսայ շուկան ուսումնասիրել, ընտելանալ միջավայրին։

– Երբ Հնդկաստանի մէջ ձեր աշխատատեղին վաճառեցիք ու եկաք Հայաստան, այստեղ չփորձեցի՞ք որեւէ գործ ստեղծել, թէ՞ դժուարութիւններ եղան։

– Գիտէք, ինծի համար կեանքի փորձը ցոյց տուած է, որ այն վայրը, ուր նոր կը տեղափոխուիս, առեւտուրի գծով վտանգը բարձր է։ Եթէ շուկան չես ճանչնար ու առանց ուսումնասիրելու գործ կ’ընես, ոեւէ մէկը մեղաւոր չէ, եթէ չյաջողեցար։ Ես բաւականին գոհ էի իմ աշխատանքէս, անոր համար պարտադիր չէր, որ ես իմ գործս պէտք է ունենայի, ես կը վայելէի ու աւելի շատ ժամանակ ունէի ստեղծագործելու, քան թղթաբանութեամբ զբաղելու: Այդ ժամանակ աւելի դժուար էր, հիմա Հայաստանի շուկան բաց է դուրսի համար։

– Կեանքը Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ, ուր դուք ապրած էք, շա՞տ կը տարբերի։

– Այսպէս ըսեմ: Հոս կեանքը շատ մեքենայացուած չէ, մարդիկ կրնան ուշ արթննալ, մի քանի ժամ աւելի վայելել իրենց ընտանիքին հետ։ Իսկ, օրինակ, Պարսկաստանի ու Հնդկաստանի մէջ, ուր մարդիկ շատ են, պէտք է պայքարիս կտոր մը հացի համար, կեանքը աւելի մեքենայացուած է։ Հոս կրնաս ժամադրութեան ուշանալ, ոեւէ մէկը չի նեղանար։

– Քիչ մը խօսինք խոհարարի մասնագիտութեան առանձնայատկութիւններուն մասին։ Մարդիկ գո՞հ են ձեզմէ, պահանջկո՞տ են։

-Երբ սկսայ, օրինակի համար, կրնամ ըսել, որ ֆրանսական քրուասանը մարդիկ չէին ընդուներ։ Մենք ստիպուած էինք անոր բաղադրատոմսը աւելի մեր ազգային քիմքին մօտեցնելու։ Մենք չէինք պատկերացներ, բայց յաջողութեան հասանք։ Լուի Շարտենի մէջ, ուր սկսած եմ աշխատիլ, այդ տարիներուն սրճարան գալու եւ քրուասան ուտելու համար պէտք  էր նախապէս սեղան ամրագրել։ Մարդիկ այլ երկիրներ երթալ-գալով կը սորվին։ Օրինակ՝ Caesar աղցանը այդ ժամանակ շատ քիչ ճաշարաններու մէջ կը մատուցէին, իսկ հիմա որեւէ տեղ կրնաք անկէ ուտել, նոյնիսկ փողոցը կը վաճառեն: Այդ զարգացում է, որ մարդիկ կը տեսնեն այլ երկիրներու մէջ ու կը բերեն այստեղ։

– Հայերը ուտող-խմող ժողովուրդ են։ Ի՞նչ կը սիրեն ուտել հայերը։

– Այսպէս ըսեմ: Ինչ ուտեն-չուտեն, ամէն ինչ կը վերջանայ խորովածով։ Բայց հիմա բաւականին փոխուած է իրավիճակը։ Չնայած շատերը կը բողոքեն, որ քաղաքը ուտելու այլ բան չկայ, բայց ես համաձայն չեմ, որովհետեւ այս տարիներուն մեծ աշխատանք  իրականացուած է, մեծ գումարներ ներդրած են, որպէսզի բաւարարեն ուտելիքի պահանջը։ Բայց, ի հարկէ, կը հետեւինք մարդոց ճաշակին, թէ ի՛նչ կը նախընտրեն, ի՛նչ բաղադրատոմսով։ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութիւնը կը զարգանայ, մարդիկ կը սկսին երկիրը ճանչնալ։

– Ի՞նչ պէտք է լաւ խոհարար դառնալու համար։

– Պարտաճանաչ ըլլալ։ Եթէ այդպէս չես, չես կրնար այդ գործին մէջ յառաջ երթալ, որովհետեւ դուն հումքի հետ կ’աշխատիս, որ ամէն պահ կրնայ փոխուիլ։ Եթէ այդ պարտաճանաչութիւնը չունիս, ապա դիւրութեամբ կրնաս վնասել մարդոց։ Երբ կ’ըսեն խոհարար կը ծնին, ես համաձայն չեմ: Խոհարար կը դառնան։ Մարդը կրնայ շատ լաւ քիմքի համ ունենալ, շատ լաւ համը զգալ, բայց լաւ խոհարար չըլլալ։ Հիմա խոհարարի գործը շատ դիւրացած է, մարդոց գոհացնելը դիւրին է։ Հայերը դժուար մարդիկ չեն, բայց, ի հարկէ, կան մարդիկ, որոնք դժուարութեամբ կը հաւնին ուտելիքը։ Ուտեստը միայն համով չէ, որ կը գոհացնէ։ Տեսքը, սպասքը, նոյնիսկ այն սեղան-աթոռը, որուն նստած էք, ազդեցութիւն կ’ունենայ ախորժակի վրայ։

– Երբեք մտածա՞ծ էք Հայաստանէն տեղափոխուելու մասին։

– Եթէ ըսեմ՝ չեմ մտածած այդ մասին, սուտ կ’ըլլայ։ Սա է իմ բնաւորութիւնս. միշտ կը սիրեմ սորվիլ, զարգացնել աշխատանքս: Հայաստանը այդ շուկայի շատ փոքր մասն է։ Եթէ գործի առաջարկ կամ նախագիծ ըլլայ, որ ինծի կ’օգնէ զարգանալու, ինչու չէ, կը մտածեմ։ Բայց եթէ կեանքի որակի մասին կը մտածէք, Հայաստանը հրաշք երկիր է։ Ես հոս բնակիլը շատ կը սիրեմ։

Շնորհակալ եմ հարցազրոյցի համար։

*Արպի Ղարախանիի հետ հարցազրոյցի տեսանիւթը կրնաք դիտել յղումով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին