Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Հայաստան Կապի Մէջ Է Նիւ Զելանտայի Պատկան Մարմիններուն Հետ՝ Ահաբեկիչներու Զէնքերուն Վրայ Հայերէն Գրութեան Մանրամասնութիւնները Պարզելու Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կապի մէջ է Նոր Զելանտայի իշխանութեան հետ: Այս մասին յայտնեցին ՀՀ ԱԳՆ-էն ի պատասխան «Արմէնփրես»-ի հարցումին, թէ արդեօք Հայաստանի համապատասխան մարմինները ուշադրութեան տակ առա՞ծ են այն հանգամանքը, որ Նիւ Զելանտայի մէջ մզկիթներու վրայ զինուած յարձակում գործած անձանց զէնքին վրայ տարբեր լեզուներով, այդ կարգին՝ հայերէն գրութիւն կայ:

«Մենք կապի մէջ ենք Նիւ Զելանտայի պատկան մարմիններուն հետ՝ դէպքին հետ կապուած բոլոր հարցերուն շուրջ»,- նշեց ՀՀ ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղտալեանը:

Զէնքերուն վրայ գրութիւններ կան տարբեր լեզուներով, այդ կարգին՝ վրացերէն: Վրաստանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը արդէն արձագանգած է տեղեկութեան՝ նշելով, որ կը գործակցի գործընկերներուն հետ, որպէսզի մանրամասնութիւններ պարզէ Նիւ Զելանտայի մէջ ահաբեկչութենէն ետք ձերբակալուած անձանց եւ առգրաւուած զէնքի վերաբերեալ:

Վրացերէն գրուած են Դաւիթ Աղմաշենեպելի թագաւորի եւ Թամար թագուհիի ամուսնոյն՝ ալաններու արքայորդի Դաւիթ Սոսլանի անունները: Ռուսերէն գրուած է՝ «Ճակատամարտ Քարկուլի մօտ 1770» (ռուս-թրքական պատերազմ), «Ճակատամարտ Պուլայիրի մօտ 1913»: Կ’երեւի, որ պահունակներուն վրայ իսլամներու դէմ քրիստոնեաներու՝ տարբեր ժամանակներու տարած յաղթանակներու ժամանակագրութիւն պատկերուած է նկարներուն մէջ:

Հայերէն գրուած է Սարիղամիշի ճակատամարտ (Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ռուսական եւ օսմանեան կայսրութիւններու ամենամեծ ռազմական բախումներէն է։ Ընթացած է 1914-ի Դեկտեմբեր 22-էն մինչեւ 1915 թուականի Յունուար 17, աւարտած է ռուսերու յաղթանակով)։

Նշուած է նաեւ Միլոշ Օպիլիչի անունը (սերպ ազգային հերոս, որ Քոսովոյի դաշտի ճակատամարտին սպանած է սուլթան Մուրատ առաջինը), 1683 թուականի Վիեննայի ճակատամարտը, որ վերջակէտ դրաւ Օսմանեան կայսրութեան յառաջխաղացումին:

Նշուած է բրիտանական ծովակալ Էտուարտ Քոտրինկթոնի անունը, որ գլխաւորելով բրիտանական, ռուսական եւ ֆրանսական նաւատորմը՝ 1827-ին ջախջախած է թրքական ուժերը՝ յաղթանակ տօնելով Նաւարինեան ճակատամարտին:

Ահաբեկչութեան հեղինակներու զէնքերուն վրայ գրուած է նաեւ Մարք Անթոնիոյի անունը: Մարք Անթոնիօ Պրակատինը Վենետիկի Հանրապետութեան (7-18-րդ դարեր) ամենայայտնի ռազմական առաջնորդներէն մէկն է: 1570 թուականին, երբ պատերազմ սկսած է Վենետիկի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ, թրքական զօրքը շրջափակած է Ֆամակուսթա քաղաքը, որուն պաշտպանութիւնը ղեկավարած է Մարք Անթոնիօ Պրակատինը: Չնայած անոր որ քաղաքի գրաւումի գործողութեան մասնակցած է 100 հազար թուրք զինուոր, 1500 թնդանօթ օգտագործուած է, 6 հազարնոց կայազօրը երկար ժամանակ յաջողութեամբ կրցած է պաշտպանել քաղաքը: Ֆամակուսթա քաղաքը գրոհելու ընթացքին թրքական բանակը 52 հազար զոհ տուած է: Այնուամենայնիւ, վենետիկցիները, կորսնցնելով օգնութիւն ստանալու բոլոր յոյսերը, ստիպուած եղած են յանձնուելու:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին