Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Համաշխարհային Դրամատունը Եւ Հայաստանը Ունին Գործընկերութեան Հարուստ Պատմութիւն. Արմէն Սարգսեան Եւ Սիրիլ Միւլլերը Հանդիպած Են

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Մարտ 15-ին ընդունած է Համաշխարհային դրամատան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի փոխնախագահ Սիրիլ Միւլլերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: 

Ինչպէս կը հաղորդեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, նշելով, որ Համաշխարհային դրամատունը եւ Հայաստանը ունին գործընկերութեան հարուստ պատմութիւն՝ ՀԴ-ի փոխնախագահ Միւլլերը յիշած է Արմէն Սարգսեանի հետ իրենց հանդիպումը դեռ 1996 թուականին: Այդ ժամանակ ինքը Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումի ռազմավարական ուղղութիւններուն վերաբերեալ Համաշխարհային դրամատան առաջին փաստաթուղթը ներկայացուցած է Հայաստանի ատենի վարչապետ Արմէն Սարգսեանին:
Հանրապետութեան նախագահը կարեւորած է Համաշխարհային դրամատան հետ Հայաստանի գործընկերութիւնը տարբեր ոլորտներուն մէջ եւ յոյս յայտնած, որ ձեւաւորուած գործակցութիւնը յառաջիկային եւս պիտի շարունակուի արդիւնաւէտօրէն:

Զրուցակիցները անդրադարձած են իրականացուող ընթացիկ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային դրամատան եւ Հայաստանի յառաջիկայ չորս տարուան գործակցութեան առաջնահերթութիւնները սահմանող «Երկրի գործընկերութեան շրջանակ» ռազմավարական փաստաթուղթին:

Երկուստեք համակարծիք եղած են, որ բարձր արհեստագիտութիւններու, կրթության, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ կան գործակցութեան մեծ ներուժ եւ համատեղ տարածաշրջանային ծրագիրներ իրականացնելու հնարաւորութիւններ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին