Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Կառավարութեան Մէջ Տեղի Ունեցած Է Համաշխարհային Դրամատան «Գործարարութիւն» Զեկոյցին Մէջ ՀՀ Դիրքի Բարելաւումին Նուիրուած Խորհրդակցութիւն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ Մարտ 15-ին  կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է Համաշխարհային դրամատան «Գործարարութիւն» զեկոյցին մէջ ՀՀ դիրքի բարելաւումին նուիրուած խորհրդակցութիւն:

Ինչպէս յայտնեցին ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն, իր խօսքին մէջ Տիգրան Աւինեանը նշած է, որ գործարար միջավայրի բարելաւումը կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է, եւ շարունակական քայլեր պիտի իրականացուին «Գործարարութիւն» (Doing Business) զեկոյցին մէջ ՀՀ դիրքի յառաջմղումին համար: Ըստ այնմ, կառավարութիւնը խիստ հետեւողական պիտի ըլլայ անհրաժեշտ միջոցառումները կեանքի կոչելու համար:

Խորհրդակցութեան օրակարգին վրայ ներառուած էին միջոցառումներ, որոնք նպատակ ունին պարզեցնելու շինարարական թոյլտուութիւններու տրամադրութեան, ելեկտրականութեան մատակարարումի ցանցի միացումին, սեփականութեան գրանցումին, վարկերու ստացումին, փոքր բաժնետէրերու պաշտպանութեան, հարկերու վճարումին, արտաքին առեւտուրի, պայմանագիրերու կիրարկումին եւ սնանկութեան ճանաչումին, ինչպէս նաեւ գործարարութեան առնչուող այլ ընթացակարգերը:

Այս միջոցառումներու իրականացումով կառավարութիւնը նպատակ ունի՝

  1. Նուազեցնելու վարչարարական բեռը,
  2. Վերացնելու գործարարութեան համար խոչընդոտ հանդիսացող կարգաւորումները,
  3. Պարզեցնելու հարկային եւ մաքսային քաղաքականութիւնը,
  4. Սահմանելու արտաքին առեւտուրի կանխատեսելի միջավայր:

Տիգրան Աւինեան ընդգծած է, որ իրականացուող բարեփոխումներուն արդիւնքը իւրաքանչիւր շահառուի հասցնելու նպատակով կը նախատեսուի ելեկտրոնային կամ ազդարարութեան այլ հարթակներու կիրարկումով գործարար համայնքին մշտապէս իրազեկել բարեփոխումներու բովանդակութեան եւ Հայաստանի մրցակցային առաւելութիւններու վերաբերեալ: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ նոր հնարաւորութիւններու մասին կանոնակարգուած ծանուցումը, պետական ծառայութիւններու որակին մասին յետադարձ կապի ապահովումը կը բերէ որակական նոր փոփոխութիւն:

Աւարտելով խօսքը փոխվարչապետը նշած է, որ կ’ազդարարեն առարկայական բարեփոխումներու մեկնարկի նոր փուլ եւ այս գործին մէջ իւրաքանչիւր ներգրաւուած անձ պէտք է գիտակցի պատասխանատուութեան իր բաժինը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին