«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան յատուկ համակարգող Եան Քուպիշ վերահաստատեց Հռոմի II խորհրդաժողովին միջազգային հանրութեան խոստացած աջակցութիւնը Լիբանանի ապահովութեան կառոյցներուն:
«Ես մեծապէս տպաւորուած եմ ապահովութեան ուժերու մասնագիտացուած մակարդակով եւ երկրի, սահմանի եւ ժողովուրդի ապահովութիւնը երաշխաւորելու վճռակամութեամբ»,- ըսաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ համակարգող Եան Քուպիշ: Այս մասին կը տեղեկանանք Եան Քուպիշի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն: