«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն հետ «Խաղաղութիւն եւ ազատութիւն» դաշինքէն: Վերջինս համաեւրոպական աջաթեւեան կուսակցութիւն է, որուն անդամներէն ոմանք կը ներկայացնեն յունական «Ոսկէ վերջալոյս» եւ գերմանական Ազգային ժողովրդավարական նոր-նացիստական կուսակցութիւնները:
Հանդիպումին նախագահ Աուն մասնաւորաբար նշեց, որ թէեւ սուրիացի գաղթականութեան տունդարձը իրականացնելու նպատակով հետեւողական ջանքեր կը ներդրուին, սակայն գործընթացը կը խաթարուի միջազգային հանրութեան՝ նախ եւ առաջ Սուրիոյ 8-ամեայ հակամարտութեան քաղաքական լուծում տալու յարադէպ պնդումով:
Աուն աւելցուց, որ գաղթականներուն խոստացուած դրամանպաստները պէտք է իրենց տրամադրուին, երբ վերջնականապէս հաստատուին Սուրիա՝ խրախուսելու իրենց տունդարձը: