ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Խառն ամուսնութեան խոցելի երեւոյթը կոտտացող վէրք մըն է սփիւռքահայ իրականութեան մէջ։
Հարց տանք թէ ինչո՞ւ…։
Պատասխանը պարզ է եւ յստակ։
Տոհմիկ հայ ընտանիքը լաւագոյն գրաւականներէն մէկը կը կազմէ պահպանելու ազգային մեր դիմագիծը, անարատ պահելու մեր դարաւոր աւանդութիւններն ու բարքերը, յաւերժացնելու մշակութային մեր ժառանգութիւնը եւ արժէքները։
Միւս կողմէ, ակնյայտ է թէ խառն ամուսնութիւնները մեծ մասամբ կ՚աղաւաղեն ազգային մեր դրոշմը եւ ազգապահպանման պայքարի մեր վահաններուն ուժը կը ջլատեն։ Մէկ խօսքով կը խաթարեն հայու հոգին։ Ինքնատիպ եւ մեզ տարբեր ազգերէ զատորոշող մականունները աստղերու նման կը մարին, մեր լեզուն կը նահանջէ եւ նոյնիսկ հայ խոհանոցը կը փակէ իր դռները։
«Փեսադ ո՞ւր է» Բ. մաս զաւեշտը, որ պիտի բեմադրուի Կիրակի, Մարտ 31-ին, ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան սրահին մէջ, Փասատինա, առաջին մասին նման, կ՚ակնարկէ վերոյիշեալ ազգային մեր ցաւերուն։
Հոս, ժամանակակից առօրեայ հայ կեանքի կնճռոտ հարցերը, ինչպէս այլասերումի պատուհասը, ազգայնականութիւն եւ հայ ընտանիքին առջեւ կանգնած մարտահրաւէրը կը ներկայացուին երգիծական արուեստի բարձր մակարդակով։
«Փեսադ ո՞ւր է» կատակերգութեան անդրանիկ ելոյթը շռնթալից յաջողութեամբ բեմադրուեցաւ 2013 թուականին, Նիւ Եորքի մէջ։
Այնուհետեւ, աւելի քան տասը հայահոծ գաղութներու մէջ, Պոսթընէն Ուաշինկթըն եւ Ֆիլատելֆիա հազարաւոր հանդիսականներ մեծ գոհունակութեամբ եւ անխոնջ հաճոյքով ըմբոշխնած են «Փեսադ ո՞ւր է» Ա. մաս զաւեշտը։
Այս կատակերգութեան շարունակութիւնը կազմող երկրորդ մասին առաջին բեմադրութիւնը դարձեալ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուեցաւ Նիւ Եորքի Գոլոմպիա համալսարանի արդիական Miller թատերասրահին մէջ 2017 թուականին, ուր աւելի քան 500 հանդիսականներ հիացմունքով վայելեցին զայն։
Այս զաւեշտին հեղինակը, ամերիկահայ ժամանակակից երիտասարդ սերունդի արժանաւոր եւ հարազատ ներկայացուցիչներէն՝ գրող եւ լրագրող Թալին Պապայեանն է։ Ոչ միայն իր մտայղացումն է այս ինքնատիպ գործը, այլ իր սեփական ճիգերով Թալինը բեմադրած է այս կատակերգութիւնը։
Ինչպէս մեծագոյն Նիւ Եորքի մէջ, ուր տեղական ուժերով Թալինը համախմբեց քսանէ աւելի դերակատարներ, նոյնպէս Փասատինայի Մարտ 31-ի ելոյթին համար ան յաջողած է քով-քովի բերել նոյն թիւով դերակատարներ Թէքէեանի ընտանիքէն եւ նաեւ նոր դէմքեր ներգրաւելով։
Լոս Անճելըսի նորակազմ Թէքէեան Մշակութային Միութեան գործունեայ ատենապետ Քարլ Պարտաքեան ըսած է. «Մեծապէս քաջալերական երեւոյթ է տեսնել Թալինը՝ տաղանդաւոր այս դերասանները առաջնորդելու դերին մէջ, կը յուսանք որ ծնողներ իրենց զաւակները միասին կը բերեն տեսնելու ժամանակակից այս զաւեշտը մեծապէս մատչելի ամէն տարիքի։ Դիտելով այս կատակերգութիւնը անոնք առաւել եւս պիտի գնահատեն մշակութային մեր հարուստ ժառանգութիւնը»։
Յարութիւն Սողոմոնեան, վաստակաշատ դերասան եւ կատակերգակ, որ գլխաւոր դերասաններէն մէկն է, հետեւեալ կերպով արտայայտուած է. «Մեծ հաճոյքով ես մաս կը կազմեմ ինքնատիպ այս թատրոնին, որուն միջոցաւ հաղորդակից կը դառնամ տարբեր սերունդներու հետ. տաղանդաշատ է այս խումբը որուն անդամներուն հետ ես պիտի բաժնեմ բեմը, հանդիսականնհրուն ներկայացնելու անհագ խնդուք եւ իմաստ ունեցող խօսակցութիւն»։
Թատերական խումբի մասնակից փաստաբանուհի Ալին Խանճեան ըսած է. «Ստեղծագործ այս աշխատանքին մաս կազմելը հակապատկերն է առօրեայ իմ կեանքիս։ Այս թատրոնը այժմէական է, ծիծաղաշարժ եւ հաղորդական։ Մենաշնորհում մը կը նկատեմ մասնակցելով անոր»։
Բեմադրիչ-հեղինակ Թալին Պապայեան հետեւեալ ձեւով կը բնութագրէ իր գործը. «Թատրոնը ամենահին եւ իրաւ արուեստի արտայայտութիւններէն մէկն է, որ արտայայտութիւն կը գտնէ ամենօրեայ խօսակցութեան մէջ։ Այս զաւեշտին միջոցաւ իմ նպատակս է լուսարձակի տակ առնել սփիւռքը յուզող այժմէական հարցերը»։
«Փեսադ ո՞ւր է» Բ. մաս թատերախաղին կը մասնակցին Յարութիւն Սողոմոնեան, Մարօ Աճէմեան, Սարինէ Կարապետեան, Սօսի Վարժապետեան, Ալին Վարդգէսեան, Հենրի Ապաճեան, Զաւէն Տէմիրճեան, Ժոզէֆ Յովսէփեան, Մարտիկ Իսկէնտէրեան, Ռաֆֆի Ռուփչեան, Հարիս Սիմոնեան, Ալին Խանճեան , Տիբենտըր Սինկ, Ճորճ Սեմերճեան, Հայկ Յովնանեան, Աստղիկ Ապաճեան, Արեւիկ Ապաճեան եւ Հաննա Փոլոք։
Ն.Ե.Պ.